2011-04-09 13:16:33

՝՝Երկիր՝՝ Օրաթերթին Գոյքը Արգելափակուած ։


Դատական գործադրումի հարկադիր կատարման ծառայութեան որոշումով, ՝՝Երկիր՝՝ օրաթերթին գոյքը արգելափակուած է եւ հետախուզում յայտարարուած։

Արգելքը դրուած է ԱԺ պատգամաւոր, գինի եւ քոնեաք արտադրող ՝՝Կրէյթ Վելի՝՝անուան ընկերութեան սեփականատէր Տիգրան Արզաքանցեանի դատական հայցին հիմքով ։ Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշի իրաւասութեան դատարան ներկայացուցած դիմումով, պատգամաւորը թերթէն կը պահանջէ աւելի քան երեք միլիոն դրամ՝ պատգամաւորին պատիւը արատաւորած ըլլալուն համար։ Արզաքանցեանի համոզումով, թերթը ՝՝131 դէմք ու դիմակ՝՝ խորագիրով յօդուածին մէջ վիրաւորական արտայայտութիւններ ըրած էր իր հասցէին։

՝՝Երկիր՝՝ օրաթերթի խմբագիր Բագրատ Եսայեան պարզեց, որ նման քայլեր, ազատ խօսքի իրաւունքը սահմանափակելու փորձեր են։








All the contents on this site are copyrighted ©.