2011-04-08 12:39:23

Փաքիստանի Փոքրամասնութեանց Նոր Նշնակուած Նախարարը Հանդիպում Ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ . Քահանայապետին Հետ։


Փաքիստանի ֆայսալապատ թեմի առաջնորդը՝ գերապայծառ Ժոզէֆ Գուտսի, Լահորի մեծ մուֆթի Սիիտ Ազատին ու Փաքիստանի փոքրամասնութեանց նախարարը` Փոլ Պհաթթի, հանդիպում ունեցան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ, երախտագիտութիւն յայտնելու Սրբազան Քահանայապետին ցուցաբերած հոգատարութեան Փաքիստանի հաւատացեալներու հանդէպ.միաժամանակ յայտնելու կամքը՝ պայքարելու Փաքիստանի մէջ աճող կրօնական խտրականութեան դէմ, ոչ թէ որովհետեւ հաւատացեալները ի վիճակի չեն միասնաբար ապրելու այլ որովհետեւ ծայռայեղ եւ ահաբեկիչ խմբակ մը գոյութիւն ունի որ բնակչութեան մէջ ատելութեան քարոզչութիւն կը կատարէ շահագործելով կրօնքը։
Յայտնենք թէ Փաքիստանի փոքրամասնութեանց նախարարը` Փոլ Պհաթի եղբայրն է փաքիստանի կաթողիկէ նախարարին, որ սպաննուեցաւ մահմետական ահաբեկիչներու կողմէ անցեալ 2 մարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.