2011-04-08 12:14:28

Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ «ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ» Նիւթով Կլոր Սեղան։


Այս շաբաթ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ կնոջ դերը սփիւռքի մէջ» խորագիրով կլոր սեղանը, զոր վարեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Կլոր Սեղանին մասնակցեցան գիտական, կրթական հաստատութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:
Կլոր սեղանին նպատակն էր բնութագրել եւ արժեւորել հայ կնոջ իւրայատուկ տեղը եւ դերը հայ կեանքին մէջ, անդրադառնալ սփիւռքի մէջ անոր կատարած ազգա-պահպանման դերին, հայ կնոջ դերին ընդհանրապէս` իբրեւ ընտանիքի սրբութեան, պատիւի եւ արժանապատուութեան պահպանող եւ նոր սերունդի առաջին դաստիարակի պարտականութիւնները կատարող:
Բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Շնորհաւորելով հայ կինը մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով` Հ. Յակոբեան մաղթեց առողջութիւն եւ երջանկութիւն` ընդգծելով կնոջ անգնահատելի դերակատարութիւնը հայ հասարակութեան մէջ:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի աշխատակիցներ Ա. Ստեփանեան եւ Ս. Պօղոսեան զեկուցեցին համապատասխանաբար «Հայրենադարձութիւնը եւ հայ կինը» եւ «Հայ կինը աւանդական եւ արդի հասարակութեան մէջ` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ» նիւթերուն շուրջ:
Կլոր սեղանին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցան հայ կնոջ դերակատարութեան ազգային ինքնութեան ձեւաւորման եւ պահպանութեան հոլովոյթին մէջ, հասարակական-քաղաքական, մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ գիտութեան եւ կրթութեան մարզին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.