Պենետիկտոս ԺԶ.ի Ցաւը Լիպիայէն Փախստականներու Մահուան Ի Լուր
Վատիանի բանբերը՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտարարութեամբ մը յայտնած է Պենետիկտոս ԺԶ
Սրբազան Քահանայապետի ցաւը իմանալով միջերկրական ծովուն մէջ մահացած փախստականներուն
լուրը։ Նորին Սրբութիւնը ու համայն եկեղեցին - ըսած է Հայր Լոմպարտին- իրենց աղօթքներուն
մէջ կը յիշեն բոլոր այն անձերը, առանց նկատի առնելու իրենց քաղաքացիական պատկանելիութիւնը,
որոնք իրենց կեանքը կոսնցուցին իրենց երկրի մէջ անարդարութենէ` աղքատութենէ եւ բռնաբարութիւններէ
ազատելու միտումով, դէպի կեանքի աւելի լաւ պայմաններու ապրելակերպ մը փնտռելու իրենց
կատարած ճամբորդութեան ընթացքին։ Սրբազան Հայրը մտահոգութեամբ կը հետեւի փախստականներու
հարցին եւ իր մօտիկութիւնը կը յատնէ անոնց։