2011-04-08 12:03:06

Լիպիայի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ուժեր Սխալմամբ 45 Ըմբոստներ Կը Սպաննեն ։


Լիպիացի ըմբոստները կը յայտնեն, որ ՕԹԱՆ-ի օդային մէկ սխալ հարուածը երէկ 45 ըմբոստներու մահուան պատճառ եղած է : Ասիկա մէկ շաբթուան ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ուժերուն կողմէ ակներեւ երկրորդ նման սխալն է, որ յաւելեալ զայրոյթ յառաջացուցած է դաշնակից ուժերուն հետ համակարգումի թերացումներուն նկատմամբ:
Յարձակումը տեղի ունեցաւ քարիւղի ռազմավարական Պրիքա նաւահանգիստի մօտ: Հետագային հարիւրաւոր ինքնաշարժներ Աժտապիայէն -Պենկազի փախուստ տուին` մեկնելով այն մտավախութենէն, թէ Մոամմար Կէտտաֆիի ուժերը կրնան ստեղծուած իրարանցումէն օգտուելով յառաջանալ դէպի Աժտապիա:
Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ ըմբոստներուն վարկածին շուրջ հետաքննութիւն տեղի պիտի ունենայ: Յարձակումը տեղի ունեցաւ Պրիքայէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն յայտնեց, որ ըմբոստները պէտք չէ զինել, մինչեւ որ անոնց ինքնութեան շուրջ անորոշութիւնը չյստականայ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.