2011-04-07 12:33:13

Մետրապոլիտ Հիլարիոն Ալֆիեւի Կոչր Քոսովոյի Օրթոտոքս Հաւատացեալներուն


Ռուսիոյ պատրիարքութեան արտգործ նախարար` մետրապոլիտ Հիլարիոն Ալֆիեւ պաշտօնական այցելութիւն կատարած է Սերպիա։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ան յայտարարած է թէ Քոսովօ կը նկատէ որպէս օրրանը սլավ ժողովուրդներու համար։ Ասոր համար կոչ ուղղած է Քոսովոյի օրթոտոքս հաւատացեալներուն որ չհեռանան այդ հողէն հակառակ իրենց կեանքի դժուար ու ողբերգական պայմաններուն։ Ան միաժամանակ օրթոտոքս սլավներէն խնդրած է որ օժանդակութիւններ հասցնեն Քոսովոյի օրթոտոքս հաւատացեալներուն։ Կը խորհիմ որ Քոսովոյի սուրբ վայրերը պէտք է մաս կազմեն միջազգային ծրագիրի մը։ Ռուս օրթոտոքս եկեղեցին պատրաստ է մեծապէս օգնելու, պահպանելու համար այդ հինաւուրց վանքերն ու մենաստանները։ Նշենք թէ այս վանքերը թիրախ են կործանումի ալպանացի մահմետական ծայռայեղներու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.