2011-04-07 11:59:42

Լուրեր Հայ Գաղութներէն


՜՜Նարեկացի՝՝ Երգչախումբի Ելոյթները Հալէպի Մէջ։
Հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի հայ երեք համանքապետերուն, եւ ի յիշատակ մայեսթրօ Պօղոս Ապաճեանին, Հալէպի ՜՜Նարեկացի՝՝ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Հայր Եղիշէ վրդ Ճէնճիի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ նորա Սարգիսեան Մարտինիի, ելոյթներ պիտի ունենայ հայ երեք եկեղեցիներու մէջ. առաջինը՝ Ուրբաթ 8 Ապրիլին Հալէպի Հայ Առաքելական ՜՜Սուրբ Աստուածածին՝՝ եկեղեցւոյ մէջ, երկրորդը՝ Շաբաթ 9 Ապրիլին, Հայ Կաթողիկէ ՜՜Ս. Երրորդութիւն՝՝ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ երրորդը՝ Կիրակի 10 Ապրիլին, Հայ Աւետարանական ՜՜Բեթել՝՝ եկեղեցւոյ մէջ, ։
Հայր Եղիշէ որ անցեալ նոյեմբերին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ, փոխ ժողովրապետն է Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ,մեծ նուիրումով կը զբաղի հաւատացեալներու հոգ հոգուոցով, նաեւ եկեղեցւոյ երգչախումբին պատասխանատուն է։ Այս տարի, ինք կը ղեկավարէ, 1983-ին հիմնուած Նարեկացի երգչախումբը, որուն անդամները հայ երեք համայնքներէն են։ Երեկոյթին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ ՜՜Լոյս՝՝ երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ մայեսթրօ Լեւոն Ապաճեանի։


Յունաստանի մէջ - Հայոց Մեծ Եղեռնի 96-ամեակը պիտի նշուի Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ Կիրակի 17 Ապրիլ 2011ին։
Նախատեսուած են քաղաքական ձեռնարկներ, հոգեհանգստեան արարողութիւններ,
դափնեպսակի զետեղումներ եւ պահանջատիրական ցոյց
Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան առջեւ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Նախագահին՝ ՜՜Բարեկարգութիւն եւ Կայունութիւն Հաստատելու՝՝ Իր Ճիգերուն Համար։
Երեքշաբթի օրը , ( 5 ապրիլ 2011) Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած յատուկ նամակով Արամ Ա. կաթողիկոս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահին տարած յարատեւ ճիգերուն` սուրիական հայրենիքին մէջ կայունութիւնը ամրապնդելու, բարեկարգութեան հոլովոյթ ճշդելու եւ տնտեսական յառաջդիմութիւն ապահովելու: Վեհափառը յայտնեց, որ Սուրիոյ հայութիւնը միշտ երախտագէտ կը մնայ սուրիական ժողովուրդին ու պետութեան եւ միշտ պատրաստ է իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ առաւել հզօրացման աշխատանքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.