2011-04-07 11:57:34

Թուրքիա Կը Դատապարտէ Արժանթինի Դատարանին Արձակած Վճիռը։


«Թուտէյզ Զաման» թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող անգլերէն օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա դատապարտած է արժանթինցի դատաւորի այն վճիռը, թէ Թուրքիա հայերուն դէմ ՝՝Ցեղասպանութիւն՝՝ գործած է, եւ յայտնած է թէ արտասահմանի մէջ թրքական թիրախներու դէմ հայ արմատական խմբաւորումներու կողմէ կատարուած յարձակումներու աճ արձանագրուած է:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը առջի օր յայտնած է, որ այդ վճիռը ցոյց կու տայ, թէ արդարադատական համակարգերը ինչպէ՛ս հայկական սփիւռքի ծայրայեղ ազգայնականներուն կողմէ կը շահագործուին: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ «կարգ մը շրջանակներ» կ՛ողջունեն այդպիսի զարգացումները, որոնք թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ բարեկամութիւնը վերականգնելու ջանքերուն կը վնասեն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անջատ հաղորդագրութեամբ մը մտահոգութիւն յայտնեց արտասահմանի մէջ Թուրքիոյ ջատագովման աշխատանքներուն դէմ հայկական խմբաւորումներու կողմէ կատարուած «ցեղապաշտական յարձակումներու» վերջերս արձանագրած մագլցումին նկատմամբ: Սոյն Հաղորդագրութիւնը Պէյրութի մէջ թրքական հագուստեղէնի արտադրութեան եւ Փարիզի մէջ գիրքի միջազգային ցուցահանդէսներուն դէմ «հայկական յարձակումները» նշելով յայտնեց, որ «այսպիսի արմատական ազգայնական մտածելակերպի վրայ հիմնուած յարձակողապաշտ գործելաոճերը անցեալին ահաբեկչական յարձակումներու ընդմէջէն կ՛արտացոլային»:
Թուրքիա Լիբանանի եւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց յարձակումներուն եւ յարձակումները գործողներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու` յայտնելով, որ ապագային այսպիսի միջադէպերու կանխարգիլման քայլերու կը սպասէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.