Զուիցերիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Եպիսկոոպոսները Երեք Յանձնախումբեր Ստեղծած Են։
Զուիցերիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ եպիսկոոպոսները, 4 ապրիլին խորհրդաժողով մը գումարած են
Շամպեզի` տիեզերական պատրիարքութեան աթոռը, եւ որուն ընթացքին 3 նոր յանձնախումբեր ստեղծած
են։ Առաջին յանձնախումբը ''Եկեղեցի եւ ընկերութիւնը'' անունով, երկրորդը` ծիսական յանձնախումբ
մը իսկ երրորդը հովուական։ Խորհրդաժողովը գլխաւորեց մետրապոլիտ Քալիկիորկիս։ Ժողովին
մասնակցեցան Կ.Պոլսոյ եւ Անտիոքի պատրիրաքութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ
Ռուսիոյ, Սերպիոյ եւ Ռումանիոյ օրթոտոքս պատրիարքութիւններու ներկայացուցիչները։