2011-04-07 12:00:48

Գերմանիա Որոշած է Աւելցնել Ողջակիզումի Զոհերուն Յատկացուելիք Գումարը։


«Միկնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը որոշած է 2012-ին 15 առ հարիւրով աւելցնել Ողջակիզումէն վերապրած հրեաներուն յատկացուելիք գումարը: 2011-ին յատկացուած 110 միլիոն Էուրոյի փոխարէն պիտի տրամադրուի 126.7 միլիոն Էուրօ:
Ըստ Գերմանիոյ կառավարութեան եւ յանուն Նացիականութեան զոհերուն բանակցող հրէական «Քլէյմզ Քոնֆըրընս» կազմակերպութեան միջեւ գոյացած նոր համաձայնութեան, սոյն գումարը տարուէ տարի պիտի աւելնայ: 2013-ին ան պիտի ըլլայ 136 միլիոն եւրօ, իսկ 2014-ին` 140 միլիոն Էուրօ: Պերլին ընդհանուր առմամբ կը պատրաստուի վճարել 513 միլիոն Էուրօ:








All the contents on this site are copyrighted ©.