2011-04-06 13:21:30

Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի Դամբանի Վերաբացման Առթիւ Մամլոյ Ասուլիս


Յառաջիկայ շաբաթ՝ 9 ապրիլին, Ասսիզիի Աբբայարանի Մամլոյ Գրասենեակի մէջ առաւօտեան ժամը 11ին Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի Դամբանի վերաբացման առթիւ տեղի կ՛ունենայ Մամլոյ ասուլիս մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Կարտինալ Անճէլօ Պանեասքոն՝ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք Դասի նախագահը, Հայր Մարգօ Թասքա՝ ֆրանչիսկեան միաբանութեան աբբահայրը, եւ Իտալիոյ մշակոյթի նախարարը՝ Տիար Ճիանգարլօ Կալան։ Նշենք թէ նախարար Կալան սուրբին դամաբանը պիտի այցելէ ուրբաթ 8 ապրիլի յետմիջօրէին, իսկ մամլոյ ասուլիսի աւարտին բոլոր ներկաներուն համար նախատեսուած է դամբանի յատուկ այցելութիւն մը, իսկ երեկոյեան ժամը 7ին Կարտինալ Պանեասքոյի նախագահութեամբ՝ տեղի կ՛ունենայ ժամասացութեան արարողութիւն մասնակցութեամբ՝ ֆրանչիսկեան միաբանութեան բոլոր անդամներուն։ Արարողութիւններուն կարելի է հետեւիլ համացանցի միջոցաւ. www.sanfrancesco.org հասցէով








All the contents on this site are copyrighted ©.