2011-04-06 13:21:38

Ռայի Պատրիարքին Պաշտօնական Այցելութիւնները Իսլամ Հոգեւոր Պետերուն


Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը` ընկերակցութեամբ մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդներ Ռոլան Ապու Ժաուտէ եւ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, երէկ կատարեց փրոթոքոլային այցելութիւններ, որոնց ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցի հոգեւոր եւ քաղաքական պետերուն` իր գահակալութեան արարողութեան անոնց ներկայ գտնուելուն առիթով:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին այցելելէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին Տար Էլ Ֆաթուայի մէջ Ռայի Պատրիարքը ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը հոգեւոր հարցեր:
Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց Ռայի պատրիարքին ընտրութեան առիթով Պքերքէի մէջ հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը գումարելու :
Իր կարգին, Ռայի պատրիարք գնահատեց միւֆթի Քապպանիի այդ առաջարկը` ընդգծելով, որ այդ վեհաժողովը պիտի ըլլայ Լիբանանի ազգային կեանքին սկիզբը եւ անոր սկզբունքները պիտի լուսաւորեն քաղաքական ղեկավարներուն մտքերը:
Մարոնի համայնքի պատրիարքը այցելեց նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, որ սիրալիր ու ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեց պատրիարքին եւ անոր ընկերակցող եպիսկոպոսներուն նկատմամբ:
Շէյխ Քապալան զանոնք որակեց սիրոյ, բարիքի եւ գործակցութեան ներկայացուցիչները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է հետեւիլ Յիսուս Քրիստոսի եւ Մոհամետ մարգարէի քայլերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել իր ներկայ կացութենէն:
Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ պէտք է յաւելեալ ջանքերով եւ աւելի մեծ թափով գործել` իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբին ծիրին մէջ:
Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ պատգամի երկիր նկատուող Լիբանանի մէջ իսլամը եւ քրիստոնեան պէտք է ամբողջացնեն զիրար, որովհետեւ անոնք կը բաժնեկցին նոյն ճակատագիրը, մշակոյթը եւ պատգամի երկրի մը մէջ ապրելու արժանիքը:
Ապա Ռայի Պատրիարքը ընդունուեցաւ Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի կողմէ համայնքի Վերտանի կեդրոնին մէջ։ Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Նայիմ Հասան ընդգծեց Լիբանանի մէջ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան դիմագրաւած է մեծ տագնապներ, սակայն միշտ ամրապնդած է համերաշխութիւնը:
Ռայի պատրիարքը իր կարգին յայտնեց, որ լիբանանցիները պատմական եւ հին անցեալ ունին` աւելցնելով, որ լիբանանցիները խորհրդակցութեան խիստ կարիքը ունին:








All the contents on this site are copyrighted ©.