2011-04-06 13:18:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը ունկդրութեան աւարտին հայրական կոչ մը ուղղեց որպէսզի վերջ դրուի արիւնահեղումին թէ Փղոսկրեայ Ափունքի եւ թէ Լիպիայի մէջ։
Չորեքշաբթի 6 ապրիլ 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ ՜՜Ս. Պետրոս՝՝ հրապարակը։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Սուրբերու դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, այսօր ներկայացուց Մանուկ Յիսուսի սրբուհի Թերեզան։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Մանուկ Յիսուսի սրբուհի Թերեզան, եղած է դուստրը Լուի եւ Ծելի Մարթէանի երանելիներուն, ան ծնած էր ֆրանսա 1873ին։
Իր մօր մահը խոր ցաւ կը պատճառէ իրեն, մինչ տակաւին չորս տարեկան էր ինք։ 1886ին Ծնունդին օրը. ամբողջովին բուժուած՝ դարձի կու գայ 15 տարեկանին կրօնաւորուհի կը դառնայ Լիզիէօ-ի կարմեղեան միաբանութեան մօտ։
Իր կենսագրութեան մէջ ին այսպէս կը գրէ ''Այդ թուականին դարձայ Քրիստոսի հարսը փրկելու համար հոգիները եւ աղօթելու քահանաներուն համար''։
Թերէզա իր ֆիզիքական ու հոգեւոր տառապանքը կրեց հերոսական հաւատքով եւ միանալով Քրիստոսի չարչարանքին` մինչեւ մահ` 24 տարեկանին։ Հռչակուած Եկեղեցւոյ վարդապետ ու առաքելութեանց պաշտպան` սրբուհի Թերեզան ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրեց Յիսուսի Գթարատ Սիրոյ, ուզելով դառնալ Սէրը Եկեղեցւոյ սրտին մէջ։ Իր Հոգիի մը պատմութիւնը, գրութիւնը, լուսաւոր մեկնաբանութիւն մըն է ապրուած Աւետարանի մը՝ սիրոյ գիտութեան լոյսով։
՜՜Սէրը ունի Դիմագիծ մը, Անուն մը` Սէրը նոյնինքն Յիսուսն է, Աւետարանէն անբաժան, իսկ՝ Ս, Հաղորդութիւնը, աստուածային Սիրոյ Խորհուրդն է՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով որ ՜՜Սէրը` սրբուհի Թերեզային համար, հոգւոյն անընդհատ շունչն է, անոր սրտի զարկն է՝՝։
Սիրել` Փոքր Սրբուհի Թերեզային համար, կը նշանակէ ամէն ինչ տալ եւ ինքզինք ամբողջութեամբ տալ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, Մանուկ Յիսուսի սրբուհի Թերեզան բոլորիս համար առաջնորդ մըն է, մասնաւորապէս աստուածաբաններուն համար։
Սիրոյ գիտութեան մասնագէտ, ան, մեզի կը սորվեցնէ թէ սրբութեան ճանապարհը կառուցուած է անսակարկ վստահութեան ու սիրոյ վրայ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց զանոնք հետեւելու եւ նմանելու Մանուկ Յիսուսի սրբուհի Թերեզային։
Արդարեւ քրիստոնէական կեանքը կը կայանայ մկրտութեան խորհուրդի շնորհքը լիովին ապրելու մէջ , ինքզինք բոլորովին տալով Հօր Աստուծոյ սիրոյն, յայտնելու համար Քրիստոսի նման, Սուրբ Հոգւոյն սիրոյ կրակով, սէրը ուրիշներուն համար։
Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. թող իմ աղօթքը ձեզի ընկերանայ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք իրենց սիրտը բանալու Յիսուսին ու ծաւալելու Յիսուսի ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կոչ ըրաւ Փղոսկրեայ Ափունքի ու Լիպիայի ժողովուրդներուն, վերջ տալու արիւնահեղութեան։
Մեծ մտավախութեամբ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կը շարունակեմ հետեւիլ Փղոսկրեայ Ափունքի ու Լիպիայի ժողովուրդներու ապրած ողբերգութիւններուն։
Աղօթքս է որ կարտինալ Թիւրքսոն, որուն առաջարկեցի իմ անունովս Փղոսկրեայ Ափունքի այցելել յայտնելու իմ զօրակցութիւնս, կարողանայ երկիրը մտնել։ Աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած զոհերուն համար ու իմ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին ու զէնքի զոհ են։
Բռնութիւնն ու ատելութիւնը, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, միշտ պարտութիւն մը եղած են։ Այս պատճառաւ սրտայոյզ կոչ կ'ուղղեմ բոլոր կողմերուն, որպէսզի երկխօսութիւնը եւ խաղաղացումի ներգործութիւնը ընթացք առնէ ու վերջ տայ արիւնահեղումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.