2011-04-06 13:21:15

Հարաւային Ափրիկէի Քրիստոնեայ Ղեկավարները Մտահոգ Են Ի Տես Քաղաքական Լարուածութիւններուն


Ափրիկէի Եկեղեցիներու խորհուրդի յայտարարութեամբ հարաւային Ափրիկէի մէջ վերջերս պատահած՝ հասարակական լարուածութիւնները մտահոգիչ երեւոյթ ունին եւ հարկ է որ քաղաքական իշխանութիւնները առաջքը առնեն ու պէտք եղած լուծումները գտնեն, նախքան կացութեան վատթարացումը։ Ընկերային ծառայութիւններու պակասը ջղագրգիռ վիճակ մը կը ստեղծէ ժողովուրդին մօտ, եւ արդիւնք է քաղաքական իշխանութիւններու անհոգութեան։ Խորհուրդը հրաւէր մը կ՛ուղղէ բոլոր կուսակցութիւններուն ժողովրդավարութեան ձգտելու համար եւ կոչ կ՛ուղղէ զինուորականներուն որպէսզի բնակչութեան դէմ ուժ եւ բռնութիւն չգործածեն։
<< Արդար չէ որ ընկերային ծառայութիւններու իրականացումը միայն քուէներ շահելու ծարայէ - կը հաստատէ Ափրիկէի Եկեղեցիներու խորհուրդի յայտարարութիւնը - մենք համոզուած ենք թէ այս ծառայութիւնները հասարակաց իրաւունքն է որ իշխանութիւնները պարտական են իրագործել բոլորին բարիքին համար >>։








All the contents on this site are copyrighted ©.