2011-04-06 13:11:37

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Վահան- Թէքէեան
(1878-1945).


Ապրիլ 4ին հայ ժողովուրդը ոգեկոչեց անմեռ յիշատակը իր մեծատաղանդ բանաստեղծներէն Վահան Թէքէեանի։
Գերազանցապէս սիրոյ եւ խոհականութեան բանաստեղծը եղաւ Վահան Թէքէեան, որուն ստեղծագործութիւնը զգացումներու զեղումէն աւելի խորապէս ապրուած յոյզերու խոհուն եւ գեղեցկագոյն աշխարհ մը բացաւ հայոց սերունդներուն առջեւ։

Հայու խռովայոյզ Հոգիին խոհուն քնարերգակը դարձաւ 1878ի Յունուար 21ին Պոլսոյ Օրթագիւղ-ի թաղամասը ծնած Վահան Թէքէեան, որուն ՝՝Ես սիրեցի բանաստեղծութիւնը ՝՝միշտ ալ ինքնադրսեւորման երգը պիտի մնայ բոլոր ժամանակներու հայ ընթերցողին.

Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ՝
Զինքը որքա՜ն սիրեցի...
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ։


Թէքէեանի ստեղծագործական աշխարհին կախարդական բանալին եղաւ ՍԷՐը, որ տառապանքն ու գեղեցկութիւնը, կրակն ու սառնութիւնը, բարութիւնն ու ընդվզումը միախառնեց խորապէս յուզական եւ իրա՛ւ խոհական երգերու մէջ։ Հայ ժողովուրդի կեանքին ամէնէն ծանր ու ողբերգական պահուն ապրելու ճակատագրուած Թէքէեանը, որ Պոլսոյ հռչակաւոր Ներսէսեան, Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ հայեցի իր կազմաւորումն ու հոգեմտաւոր պաշարը ստացաւ, չէր կրնար հեռու մնալ հանրային աշխոյժ գործունէութենէ։

Ան կեանքի ասպարէզ նետուեցաւ 18 տարեկանին՝ իբրեւ առեւտրական պաշտօնեայ 1896-ին Եւրոպա ղրկուելով։ Բայց գրելու կոչումն ու ազգայինքաղաքական ծառայութեան յանձնառութիւնը Վահան Թէքէեանին աստիճանաբար մղեցին հանրային կեանքի ասպարէզ։ Կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ ժամանակի հայ մամուլին՝ Փարիզ թէ Պոլիս։ Իսկ 1900ականներու սկզբնաւորութեան, Գահիրէ հաստատուելէ ետք, մտերիմն ու գործակիցը դառնալով ՊօղոսՆուպար փաշայի, Վահան Թէքէեան ոչ միայն գրական ասպարէզի մէջ եռանդուն գործունէութիւն ծաւալեց, այլեւ գլխաւոր դրօշակիրներէն մէկը հանդիսացաւ ազգային-ազատական գաղափարախօսութեան։

Գահիրէ մէջ 1905ին հիմնեց ՝՝Շիրակ՝՝ գրականմշակութային հանդէսը, որուն շուրջ համախմբեց ատենի համախոհ հայ մտաւորականութիւնը։ Արեւմտահայ մտաւորականութեան համար ծանր ժամանակներ էին։ Համիտեան հալածանքներուն հետեւանքով՝ Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան երիտասարդ սերունդը, որ ազգային ու յեղափոխական տրամադրութիւններով տոգորուած էր, Եւրոպա ապաստանած էր։ Իր կարգին Թէքէեան քալած էր նոյն ուղիով եւ հասած Գահիրէ, ուր հրատարակեց Շիրակը մինչեւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, որմէ ետք փութաց Պոլիս տեղափոխուելու եւ հոն հրատարակելու իր թերթը։

Պոլիս վերադարձը Թէքէեանի առջեւ լայն ասպարէզ բացաւ ոչ միայն գրականստեղծագործական աշխատանքի, այլեւ քաղաքական իր համոզումներուն ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալելու առումով։ Ականատեսը դարձաւ Ատանայի կոտորածին, որ խոր հետք ձգեց Թէքէեանի ՝՝Հայերգութիւն՝՝ շարքի բանաստեղծութիւններուն վրայ։ Ան նաեւ եղաւ հիմնադիր անդամներէն մէկը Հայ ՍահմանադրականԱզատական կուսակցութեան (հետագային՝ 1920ին կազմուած Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նախակարապետներէն), որ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Օսմանեան Խորհրդարանի աշխատանքներուն մէջ։

Այդ տարիներու իր բանաստեղծութիւնները Թէքէեան 1914ին լոյս ընծայեց առանձին հատորով՝ ՝՝Հրաշալի Յարութիւն անունով՝՝։ Նոյն տարին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ՝ ստանձնելու համար տեղւոյն նորահաստատ հայոց վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Զուգադիպութիւնը նախախնամական եղաւ Թէքէեանի համար, որովհետեւ Պոլսէն բացակայելով փրկուեցաւ հայ մտաւորականութեան գլխատման 24 Ապրիլի ծանրագոյն հարուածէն։ Բայց մինչեւ կեանքին վերջը չհաշտուեցաւ ճակատագրի այդ դառն խաղին հետ։

Այդպէ՛ս դարձաւ գլխաւոր երգիչը հայ ժողովուրդի Խաչելութեան եւ Յարութեան։

Առաջին Աշխարահմարտի աւարտին հետ Թէքէեան դարձեալ փութաց Պոլիս, ուր ձեռնարկեց ՝՝Ժողովուրդի Ձայն՝՝ օրաթերթի հրատարակութեան։ Նաեւ ստանձնեց տնօրէնութիւնը Պոլսոյ հայոց Կեդրոնական վարժարանին։ Գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ այդ շրջանին կեանքի կոչուած Պօղոս Նուպար փաշայի հայկական պատուիրակութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտահայ Համագումարի իրականացման մէջ։

Ազգայինքաղաքական պատմական վերիվայրումներով զատորոշուող եւ անկիւնադարձային այդ հանգրուանին բանաստեղծական բարձրորակ վկայութիւնն է 1920ին Թէքէեանի լոյս ընծայած Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս հատորը։ Հոն կը գտնուին ոչ միայն Մեծ Եղեռնին, այլեւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Թէքէեանի անմահ բանաստեղծութիւնները։

Թուրքիոյ մէջ Քեմալականներու իշխանութեան գլուխ գալէն ետք, Թէքէեան վերջնականապէս բաժնուեցաւ իր պաշտած հայաբոյր Պոլիսէն եւ հաստատուեցաւ Գահիրէ։ Ստանձնեց Ռամկավար պաշտօնաթերթ ՝՝Արեւ՝՝ի խմբագրութիւնը եւ մինչեւ 4 Ապրիլ 1945ի իր վախճանը մնաց այդ պաշտօնին վրայ։ Այդ տարիներու իր ստեղծագործութիւնները լոյս տեսան Սէր (1933ին) եւ Հայկական երգեր (1943ին) բանաստեղծութեանց հատորներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.