2011-04-06 13:21:23

Եւրոմիութեան Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նիստը։


Աշխատանաքային նիստի ծիրէն ներս 6 ապրիլին նախատեսուած է բաց բանակցութիւն մը հանրութեան, որուն կը մասնակցին Ղպտի Աղեքսանդրիոյ
Կաթողիկէներու Պատրիարքը՝ Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպը` որ 2010ի Հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կազմակերպուած Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսի
ընդհանուր զեկուցողն էր, Գերապայծառ Եուսէֆ Սուէֆ Կիպրոսի Մարոնի Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը եւ Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսի յատուկ
քարտուղարը եւ փրօֆ. Նապիլ Քանմալ Խալիֆէ աշխարհաքաղաքական եւ երկրառազմավարական քննարկիչ։ Ելոյթները կը կեդրոնանան Միջին Արեւելքի եւ
Հարաւային Ափրիկէի վերջին անցուդարձերուն մանաւանդ Քրիստոնէութեան ապագայի հեռանկարին, ի տես <<արաբական յեղափոխութիւններուն>>
հետեւանքով յեղաշրջումներուն ու անոնց ազդեցութեան Միջին Արեւելքի մէջ <<կրօնի ազատութեան>> իրաւունքի պաշտպանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.