2011-04-05 12:31:45

Ռատիովատիկանի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Բոլորին համար թափուած արիւն

Յիսուսի արիւնը թափուած չէ մէկու մը դէմ այլ թափուած է բոլորին փրկութեան համար...ամէնքս պէտք ունինք սիրոյ մաքրազտումի ուժին եւ այս ուժը Յիսուսի արեան մէջ կը գտնենք։ ՜՜Յիսուսի արիւնը անէծք մը չէ, այլ՝ փրկութիւն՝՝։ Այս նախադասութիւնները կը գտնենք Սրբազան Քահանայապետի ՜՜Յիսուս Նազովրեցի՝՝ վերտառութեամբ վերջին գիրքի էջերուն մէջ։ Նախադասութիւն մը որ շատերուն ուշադրութիւնը գրաւեց ուր Նորին Սրբութիւնը յստակօրէն բացատրեց Աւետարանի մէկ հատուածի մեկնաբանութիւնը որ Հրեաներու դէմ դատապարտութեան վճիռի երեւոյթ ունէր։
Այսօր եւս այս բառերը կը հնչեն մեր մտքերուն մէջ ի տես աշխարհի զանազան վայրերու մէջ հոսած արիւնին ինչպէս Փղոսկրեայ Ափի եւ Լիպիոյ մէջ։
Քաղաքական պատերազմի եւ երկիրներու ներքին ընդհարումներու պատճառաւ հոսած արիւնը,՝ որ փոխանակ սատարելու քաղաքացիական եւ մարդկային գետնի վրայ աճումին, ատելութեան անդունդներ կը բանայ ոչ միայն այսօրուայ իրողութեան մէջ այլ նաեւ ապագայի նկատմամբ։
Ի տես այս հոսած արեան, քրիստոնեաները չեն կրնար չյիշել մարդկութեան փրկութեան համար Յիսուսի թափած արիւնը։ Աստուած ներկայ է, մօտ է ու մասնակից այն չարչարանքներուն որոնք յառաջ կու գան եղբայրասպան բռնութենէն եւ գործն են՝ մարդկութեան թշնամի անձերուն։
Աստուած կը շարունակէ սիրել բոլորը եւ կը շարունակէ մաղթել բոլորին փրկութիւնը սիրոյ եւ արեան գնով։
Դէպի Խաչը եւ Յարութիւնը տանող ճանապարհը, նեցուկ կը կանգնի բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց, խաղաղութիւն կերտելու իրենց դժուար յանձնառումին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.