Մեթիու Պրայզա Կը Յիշեցնէ ։ «Ազրպէյճանի Օդանաւերը Նախիջեւան Կ՛երթան Հայաստանի
Տարածքով » .
«Ուրախ եմ, որ Ազրպէյճան փոխած է իր դիրքորոշումը եւ կը ջանայ պաշտպանել իր իրաւունքները
քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ»,այսպէս արտայայտուեցաւ
երէկ լրագրողներուն Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Մեթիու Պրայզա: Պատասխանելով
Ստեփանակերտի օդակայանի բացման մասին հարցումներուն` Պրայզա նշեց, որ ինք չի փափաքիր
որոշակի մեկնաբանութիւններ կատարել, եւ աւելի ճիշդ է, որ Մինսքի Խմբակի համանախագահները
ժամանեն շրջան եւ իրենց դիրքը յայտնեն: «Ես կրնամ ըսել, որ օդանաւերը Ազրպէյճանէն Նախիջեւան
կը թռչին Հայաստանի օդային տարածքով եւ ատիկա ընդունելի կը նկատուի», ըսաւ Պրայզա: Ազրպէյճանի
քաղաքացիական օդանաւորդութեան պետական աշխատակազմի տնօրէն Արիֆ Մամետով յայտարարած էր,
որ Ազրպէյճան պիտի ոչնչացնէ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ վայրէջք կատարող օդանաւերը:
Արիֆ Մամետով յայտարարած էր, որ ազրպէյճանական կողմը արդէն իսկ բողոքած է քաղաքացիական
օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան: «Մենք յայտնեցինք, որ մեր օդային տարածքը
Ղարաբաղի վերեւ փակ է: Ըստ «Քաղաքացիական օդանաւորդութեան մասին» օրէնքին, կը նախատեսուի
ֆիզիքապէս ոչնչացնել այդ տարածքին մէջ վայրէջք կատարող օդանաւերը», յայտարարած էր Մամետով: