2011-04-05 12:51:44

Հայր Անդրանիկ Ծ Վրդ. Կռանեան Բանախօսեց ՜՜Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը Եւ Ծէսը՝՝ Նիւթին Մասին, Ժունիէի ՜՜Սուրբ Հոգի՝՝ Համալսարանի Ծիսագիտութեան Կաճառին Մէջ (Լիբանան) ։


Կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Սուրբ Հոգի» համալսարանի ծիսագիտութեան կաճառին, երկուշաբթի 4 ապրիլին ( 2011) գերյարգելի հայր Անդրանիկ Ծ Վ. Կռանեան ներկայացուց «Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը եւ ծէսը» խորագրով բանախօսութիւն մը նոյն համալսարանին համալիրին մէջ:
Բացման խօսքին մէջ, Աբբա Ժան Թապէդ ներկայացուց բանախօս վարդապետին քսանամեայ տքնաջան աշխատանքը «Սուրբ Հոգի» համալսարանէն ներս, ըլլայ որպէս ուսուցիչ, իմաստասէր եւ մտաւորական, ըլլայ որպէս անձնական բարեկամ:
Գերյարգելի Կռանեան խօսք առնելով ըսաւ. «Կրօնք մը առանց ծէսի, նման է բերանի մը առանց խօսքի»: Ան աւելցուց թէ հայ եկեղեցւոյ հայրերուն ունեցած սէրը իրենց կրօնքին ու ազգին հանդէպ մղած է զիրենք ծնունդ տալու հայ ծէսին: Գերյարգելի Կռանեան խօսեցաւ հիմնական հինգ հայրերու մասին: Սահակ Պարթեւ, Մեսրոպ Մաշտոց, Յովհաննէս Մանդակունի, Ստեփանոս Սիւնեցի եւ Ներսէս Շնորհալի, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ հետք թողուց հայ ծէսին կազմաւորման ու վերելքին մէջ: Ան փակեց խօսքը ըսելով թէ որովհետեւ հայ ծէսը մէջտեղ եկաւ նախքան եկեղեցւոյ բաժանումը, ուստի հայ կաթողիկէ եւ հայ առաքելական եկեղեցիներու միջեւ տարբերութիւն չկայ այս ծիրէն ներս, բացի մի քանի փոփոխութիւններէ, որոնք տեղի ունեցան յետագային հայ տօնացոյցին մէջ:











All the contents on this site are copyrighted ©.