2011-04-05 12:54:15

2011-ը՝ Հայ Մանուկի Տարին (Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի Կողմէ) ։
Երեխաներու Անհամաձայնութիւնը ։


Շատ բնական ու յաճախադէպ երեւոյթ է տան մէջ քոյր եւ եղբայր իրարանցումը կամ վէճն ու երբեմնի հարուածները: Յաճախադէպ ըլլալով հանդերձ, անիկա ծնողքի մը համար շատ անախորժ է: Թէեւ ծնողքը ունի այդ գիտակցութիւնը թէ ժամանակի ընթացքին այդ անախորժ վիճակը կը վերանայ ու անոր փոխարէն կու գայ հասկացողութիւնը ու գուրգուրանքը, սակայն անհամբերութիւնը իր խօսքը ու դրոշմը ունի այս իմաստով:
Նախանձը առաջին ազդակն է, որուն մասին կը մտածէ ծնողք մը, երբ անհամաձայնութիւն ու կռիւ կը տեսնէ երեխաներուն միջեւ: «Ի՛մս է», «Նախ ե՛ս առած էի»… Ասիկա անշուշտ բնական է ու անպայման նախանձի արդիւնք պէտք չէ տեսնել: Երբեմն անգիտակցաբար, ծնողներ մէկ երեխային միւսէն աւելի ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն, պարզապէս որովհետեւ այդ մէկը ֆիզիքական աւելի շարժումներ եւ խաղեր կը կատարէ քան միւսը, որ կեդրոնացած է իր lego-ներուն վրայ ու բան մը կը պատրաստէ: Երեխան կը նկատէ, թէ այն քայլը աւելի պաչիկ կամ փաթթուկ եւ նոյնիսկ փաղաքշական խօսք կը ստանայ քան միւսը: Ի տես այս երեւոյթին, լուր երեխան կրնայ ուշադրութեան կեդրոն դարձող երեխային աւելի նեղացնել եւ երբեմն ցաւցնել:
Երեխաներու միջեւ տեղի ունեցող անհամաձայնութիւնները, ինչպէս յիշեցինք, շատ բնական եւ նաեւ իրենց բարեբեր ազդեցութիւնն ալ ունին: Երեխան կանուխ տարիքէն տան մէջ կը սորվի անհամաձայնութիւններ լուծելու մասին եւ խօսակցելու միջոցով՝ եզրակացութիւններու հասնելու ձեւին: Նաեւ ժամանակի ընթացքին կը սորվի փոխադարձաբար հոգատարութեան եւ ուշադրութեան մասին: Հինգ տարեկան տղեկս, ամէն անգամ, երբ խաղալիք գնելու կ՛երթայ, իր նուէրին կողքին անպայմանօրէն քրոջը մասին ալ մտածելու եւ անոր համար ալ նուէր մը գնելու աշխատանք կը տանի: Թէեւ տան մէջ շատ անհամաձայնութիւններ ունին անոնք, բայց այդ մէկը արգելք չէ, որ քոյրը չսիրէ կամ նոյնիսկ չհոգայ անոր:
Անոնք նաեւ կրնան սորվիլ, թէ պայման չէ ապրելու համար ճիշդ նոյն բաները մտածել եւ նոյն բնաւորութիւնը ունենալ: Այս մէկը ապագային համար շատ օգտակար խորհուրդ մըն է: Երեխան երբ փոքր տարիքէն կը սորվի այս կարեւոր պատգամը, յետագային աւելի հեշտութեամբ կը լուծէ իր բոլոր հարցերը եւ ընկերական կեանքին մէջ աւելի յաջողութեամբ յարմարելու կարելիութիւնը կ՛ունենայ, առանց իր էութիւնը կորսնցնելու:
Ծնողական միջամտութիւնը շատ կարեւոր է ու անպայման դրական, եթէ ճիշդ ձեւով դրսեւորուի ատիկա: Երեխան, որ նախայարձակը դարձած է, իր պատճառները կրնայ ունենալ: Առանց ստուգելու՝ երբե՛ք պատիժի չդիմենք: Այլ նախ կատարենք մեր անաչառ միջամտութիւնը եւ ապա հեռացնենք իրարմէ՝ խօսելով ու հասկնալով, թէ ի՞նչ պատահած է, որ երեխան տխրեցուցած կամ նոյնիսկ յարձակողական դարձուցած է:
Բնականաբար, միշտ արդար պիտի չկարենանք ըլլալ. այդ ալ պէտք է վերագրել մեր մարդկային էութեան, սակայն փորձեցնք մենք ալ հանդարտելով մեր հարցերը լուծել: Քանի մը վայրկեան մի՛ խօսիք անոնց հետ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անկիւնը մէկուսացուցէք եւ դուք ալ հանդարտ մտածեցէք, ապա կանչելով ձեր քով՝ մայրական գուրգուրոտ բնազդով հարցը նախ քննեցէք: Գիտէք, թէ ի՛նչ ալ ըլլայ պատահածը, անիկա աշխարհին վերջը չէ, այլ լուծում մը կայ անոր ետին: Կառչելով այդ անհրաժեշտ կռուանին, հարցը լուծեցէք միշտ սիրալիր օրինականութեամբ:
Այն միջամտութիւնը, որ գուրգուրանք ու սէր կը թափէ, երեխան կը դարձնէ փափուկ եւ հնազանդ: Այս պարագային, չափահասն անգամ նոյն օրէնքին կ՛ենթարկուի: Մի՛ նեղանաք եթէ սխալիք կամ բարկանաք: Այդ մէկը եւս բնական է: Ծնողք ըլլալ չի նշանակեր մարդկային բնութենէ ձերբազատիլ: Կատարեալ ծնողք մըն ալ չկայ, որ ձեր զաւակին համար աւելի լաւ մայր կամ հայր պիտի ըլլար: Դուք ամէնէն լաւն էք ձե՛ր զաւակին համար. այս մէկը միշտ յիշեցէք:
Ամէնէն կարեւորը յիշենք, թէ ամէն ինչ կրնայ սրբագրուիլ եթէ բարի կամեցողութիւն գոյութիւն ունի: Ծնողական պարտականութիւնը ինքնին հիմնուած է սիրոյ, զոհողութեան եւ ամենայն բարի կամեցողութեան վրայ: Ծառերու ճիւղերն անգամ երբեմն սխալ կ՛աճին, բայց խնամքով ու հոգատարութեամբ՝ այդ ծառերը կը հասնին բերքի ու առատ հունձք կու տան:







All the contents on this site are copyrighted ©.