2011-04-04 13:58:58

Փետրօ Մուրատեան Արժանթինի Արդարադատութեան Նախարար Խուլիօ Ալաքի կողմէ նշանակուեցաւ Խտրականութեան դէմ Քաղաքականութեան Հետազօտական եւ Դաստիարակման համադրող։


Արժանթինի Արդարադատութեան եւ Մարդկային Իրաւանց նախարար՝ տոքթ. Խուլիօ Ալաք, Ապրիլ 1ին Փետրօ Մուրատեանը նշանակեց Խտրականութեան դէմ Քաղաքականութեան Հետազօտական եւ Դաստիարակման նոր համադրող, փոխ-քարտուղարի մակարդակով։ Մուրատեան օտար-ատեացութեան ու ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի մասնագէտ է, եւ առ այդ անցեալ Դեկտեմբերին հրաւիրուեցաւ ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբին կողմէ միջազգային այլ 12 մասնագէտներու կարգին մասնակցելու անդամ պետութեանց ուղղուած հակա-խտրական քաղաքականութեան ուղեգծի մը մշակման ծրագրին։
Արարողութեան ընթացքին, նախարար Ալաք հաստատեց, թէ «Արժանթինի նախագահ Տիկին Քրիստինա Ֆէրնանտէս-Քիրչնէրի կողմէ Մուրատեանի նշանակումը հաւասարութեան ի նպաստ եւ խտրականութեան դէմ պայքարին իր աշխատանքին որպէս ճանաչում մըն է, որ չորս տարուայ ընթացքին մեծ յաջողութեամբ ստանձնեց։ Իր կարգին, Մուրատեան «խտրականութեան դէմ հանրային քաղաքականութեան մը շինարարական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ իր յարգանքը» շարունակելու յանձնարարութիւն յայտնեց։

Մարդկային Իրաւանց ի նպաստ պայքարի իր գործունէութեան համար , Փետրօ Մուրատեան 2010 թուականին, հրէական կազմակերպութեանց համախմբումը եւ Արժանթինի Իսլամական Կեդրոնը զինքը մեծարեցին, Մարդկային Իրաւունքներու ուղղութեամբ տարած իր աշխատանքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.