2011-04-04 12:50:16

Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Երանացման Արարողութեան Պատրաստութիւններու Եւ Օրակարգի Ներկայացումը Մամուլին։


Երեքշաբթի ապրիլ 5ին առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի երանացման արարողութեան պտրաստութիւնները եւ օրակարգը։
Ներկայացումը կը կատարեն Հռոմի Տեղապահ եպիսկոպոս՝ Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին, Ռատիօվատիկանի տնօրէն եւ Վատիկանի Բանբեր՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, Օբերա Րոմանա Բելլեկրինաճճիի պատասխանատուն՝ Հայր Սէզար Աթուիր, Հռոմի Թեմի Ծիսական Գրասենեակի պատասխանատու՝ Հայր Մարքօ ֆրիզինա, եւ Հայր Վալդեր Ինսէրօ՝ Հռոմի Թեմի Մամլոյ Գրասենեակի պատասխանատուն։ Նշենք թէ երանացման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ Մայիս Մէկին եւ առ այժմ նախատեսուած է աւելի քան 400 հազար հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.