2011-04-04 13:57:08

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Արժանթինեան Դատարանը Պատմական Դատավճիռ Մը Արձակեց։


Արժանթինեան դատարաններէն մէկը անցեալ ուրբաթ օր Ցեղասպանութիւն որակած է 1915-1923-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուածներն ու բռնի տեղահանութիւնը:
Դատաւոր Նորպերթօ Օժարպիտէ շատ յստակ ու մանրամասն բանաձեւուած դատավճիռի մը մէջ յայտարարած է. «Թրքական պետութիւնը 1915-1923 թուականներուն Ցեղասպանութեան յանցանք գործած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ»:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ դատավճիռը կայացած է աւելի քան տասը տարի առաջ սկիզբ առած դատական գործով մը, որուն նախաձեռնողը նոտար Կրեկորիօ Հայրապետեանն է: Իրագործելով ճշմարտութիւնը իմանալու իր իրաւունքը` ան դիմած էր Արժանթինի արդարադատութեան` պահանջելով տեղեկութիւններ հաղորդել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած իր ծնողներուն եւ ազգականներուն ճակատագիրին մասին:
Դատավճիռին մէջ կ՛ըսուի, որ «իբրեւ եզրափակում բնոյթով յայտարարական սոյն որոշումին` անհրաժեշտ է յիշատակել Արժանթինի թիւ 26.199 օրէնքը, զոր երկրին օրէնսդիր իշխանութիւնը քուէարկեց 13 դեկտեմբեր 2006-ին եւ ուժի մէջ մտաւ 11 յունուար 2007-ին:
Ըստ այդ օրէնքին, ապրիլի 24-ը յայտարարուած է Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի օր` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.