2011-04-04 12:59:55

Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Նախագահի Այցելութիւնը Վատիկան։


Խօսակցութեան նիւթը` Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Գերմանիա։
Գերապայծառ Ծոլիչ` Գերմանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը, այցելութիւն կատարած է Վատիկան եւ տեսակցութիւն ունեցած Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։ Խօսակցութեան գլխաւոր նիւթն էր` Սրբազան Հօր Գերմանիա այցելութիւնը յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսոյն մէջ։
Գերապայծառ Ծոլիչ մամուլին հետ ունեցած եոլոյթով ըսասւ. Սրբազան Քահանայապետը մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուի իր ծննդավայրը այցելել եւ մեծ շահաքրքռութեամբ կը հետեւի Գերմանիոյ կաթողիկէներու միջեւ հաստատուած երկխօսութեան, որմէ կը յուսայ հոգեւոր յառաջընթացք մը եւ վերելք մը։ Նշենք թէ անցեալ 30 մարտին Դաշնակցային Գերմանիոյ լուսաւորութեան նախարարը տիկին Անէթ Շավան ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին տեսակցութիւն ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Գոխի հետ։ Գերմանական մամուլը մատնանշած է թէ այդ հանդիպումները ծառայեցին Սրբազան քահանայապետին Պերլին այցելութեան պատրաստութիւնը եւ մատուցանելիք բացօթեայ պատարագը Բրանտպուրկի մէջ ներկայութեամբ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալ ուխտաւորներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.