2011-04-03 14:31:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։
կիրակի 3 ապրիլ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Մեծ Պահքին մէջն ենք, այս 40 օրերուն ընթացքին Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ հոգեւոր ճանապարհի վրայ ընթանալու ի պատրաստութիւն Զատկուայ։
Այսօրուա Աւետարանը մեզի կենսական հարցոում կ'ուղղէ հաւատքի մասին. ''Կը հաւատա՞ս Մարդու Որդիին''։ Ի ծնէ կոյրը` Յիսուսի այս հարցումին ինքնաբուխ կը պատասխանէ. ''Այո, Տէր, կը հաւատամ'' ։ Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, որ ձեր պատասխանը նոյնը ըլլայ եւ այսպէսով ընդունիք ճշմարտութեան լոյսը, որ Քրիստոսէն կու գայ, համակերպելով մեր իմացականութիւնը Յայտնութեան որ զայն կը գերազանցէ ու կը լիացնէ, մեր սիրտը բանալով Ս. Հոգւոյն ։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ . Վերատեսենք մեր կեանքը ընդունիլու համար ապշխարանքի խորհուրդի վերանորոգիչ շնորհքը, որ կը բիւրեղացնէ մեր նայուածքը։
Հուսկ իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, տիպարը Եկեղեցւոյ հաւատքին, բարեխօսէ մեզի համար Մեծ Պահքի այս շրջանին։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ բարի ուխտագնացութիւն մը Յաւիտենական Քաղաքին մէջ։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը, զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները յիշեցնելով թէ երէկ շաբաթ օրը, 2 ապրիլ 6-րդ տարելիցն էր իմ նախորդիս Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին։ Անոր երանացման պատճառաւ, որ տեղի պիտի ունենայ մէկ մայիսին, հոգեհանգստեան աւանդական պատարագը չմատուցի, սակայն մեծ սիրով ու գորուով ոգեկոչեցի զինք աղօթքիս մէջ։ Մինչ Մեծ Պահքի ժամանակը ապրելով կը յառաջանանք դէպի Զատիկը ու կը պատրաստուինք Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երանացումին, մեր յարգանքը տալու այս մեծ Քահանայապետին ու Քրիստոսի ճշմարիտ վկային վստահութեամբ լի հայցենք անոր բարեխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.