2011-04-02 10:59:59

Հանրածանօթ Տնտեսագէտ Պոլսահայ Տարօն Աճեմօղլու Ժամանակաւորապէս Մերժած Է Թուրքիան Ներկայացնելու Պաշտօնը ։


Թուրքիոյ լրատուական միջոցները Չորեքշաբթի, Մարտ 30ին, գրեթէ օրուան առաջին լուրը դարձուցած էին բնիկ պոլսահայ, այժմ Ամերիկա հաստատուած տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուի մասին լուրը, թէ՝ Անգարա անոր առաջարկած է Թուրքիան ներկայացնել Փարիզ հաստատուած Տնտեսական Համագործակցութեան եւ Զարգացման կազմակերպութեան մօտ։Տրուած ըլլալով, որ Տարօն Աճեմօղլու հայ մըն է, այս լուրը յանկարծ ստացաւ զգայացունց համեմատութիւն, մանաւանդ, որ կարգ մը շրջանակներ լուրը առաջին վայրկեանին այնպէս մը հաղորդեցին, թէ Աճեմօղլուին առաջարկուած էր Ֆրանսայի մօտ դեսպանի պաշտօնը։ Ապա յայտնի դարձաւ, որ դեսպան բառը այստեղ գործածուած էր իբրեւ ներկայացուցիչ, եւ թէ առաջարկուածը պարզապէս տնտեսական կազմակերպութենէ ներս Թուրքիան ներկայացնելու պաշտօն մըն է: Լուրը կը վերագրուէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի մէկ հրապարակումին։
Մամուլը դիտել կու տայ, որ Թուրքիա այս օրերուն նոր «առաջին անգամ մը» եւս իրականացուց՝ հայազգի Տարօն Աճեմօղլուին առաջարկելով Թուրքիան ներկայացնել Փարիզի տնտեսական կազմակերպութեան մէջ։ Ինչպէս յայտնի է, Աճեմօղլու կը նկատուի այժմու տնտեսական աշխարհի քանի մը հեղինակաւոր մասնագէտներէն մէկը, եւ ան մեծ վարկ կը վայելէ գիտական աշխարհէն ներս։ Սակայն, ան անմիջապէս չէ ընդունած առաջարկը, որովհետեւ ան պատասխանած է, որ թէեւ մեծ պատիւ կը զգայ այսպիսի առաջարկի մը համար եւ ապագային շատ սիրով պիտի ուզէր ստանձնել այսպիսի պարտականութիւն մը, բայց ներկայիս համալսարաններու հետ ունի իր ասպարէզին վերաբերեալ որոշ պարտաւորութիւններ։
Տաւութօղլու, որ Լոնտոնի մէջ Երեքշաբթի օր մասնակցած է Լիպիոյ նուիրուած խորհրդաժողովին, այս նիւթին շուրջ լրագրողներու հարցումին պատասխանելով՝ բացատրութիւններ տուաւ եւ ըսաւ, որ այս առաջարկը քանի մը ամիս առաջ փոխանցած էին Տարօն Աճեմօղլուին։ Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ հանրապտութիւնը որեւէ խտրականութիւն չի դներ իր հայրենակիցներուն միջեւ, եթէ արժէք մը տեսնէ մէկու մը մօտ։ «Եթէ կը հաւատանք, որ ան Թուրքիան ներկայացնելու կարող մէկն է, սիրով այդ պարտականութիւնը կը յանձնենք ենթակային», ըսաւ Տաւութօղլու:
«Տարօն Աճեմօղլուն այսօր աշխարհի ամէնէն յարգուած տնտեսագէտներէն մէկն է: Ան մէկն է, որ կրնայ նպաստել ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ բովանդակ աշխարհի տնտեսութեան։ Ես ալ երկար ժամանակէ ի վեր կը հետեւիմ անոր ակադեմական աշխատանքներուն։ Մեզի համար ալ հպարտութիւն է տեսնել, որ Թուրքիոյ քաղաքացի մը միջազգային գետնի վրայ նմանօրինակ յաջողութիւն մը արձանագրած է։
Այս առթիւ, թրքական թերթերը կը յիշեցնեն նաեւ, որ կարճ ժամանակ առաջ, հայազգի Լեւոն Սուրէն Հալէպլին նշանակուած էր Եւրոմիութեան ընդհանուր քարտուղարութեան մօտ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ։
Տաւութօղլու զարմանք յայտնած է, որ այս լուրը արտակարգ համեմատութեամբ լուր դարձեր է մամուլին մէջ, որովհետեւ, ըստ անոր՝ «Մենք որեւէ արժէքաւոր հայրենակիցի մը կրնանք առաջարկել այսպիսի պաշտօն մը»։
«Բայց ինչ կ՛ուզէ՝ թող ըսէ Տաւութօղլու. իրականութիւնն այն է, որ Տարօն Աճեմօղլուի առաջարկուած պաշտօնը իսկապէս «առաջին անգամ մըն է» Թուրքիոյ համար՝ Աճեմօղլուն այդ պատուաբեր պաշտօնը ընդունի կամ ոչ։
Յիշեցնենք, որ Տարօն Աճեմօղլու որդին է արժէքաւոր բանաստեղծուհի, «Արամեան» վարժարանի երկարամեայ տնօրէնուհի Իրմա Թոքատ Աճեմօղլուի ու անուանի իրաւագէտ Գէորգ Աճեմօղլուի։ Ան նաեւ թոռն է պոլսահայ ազգային գործիչներէն Թօկօ Աճեմեանի: Տարօն ծնած է 1967ին, Պոլիս, աւարտած է «Կալաթասարայ» վարժարանը, ապա գացած է Ամերիկա, աւարտած է «Եորք» համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը, իսկ ներկայիս Մեսեչուսեցի հռչակաւոր «Էմ.Այ.Թի.» հիմնարկին մէջ դասախօս ու հետազօտիչ է։ Ան ներկայացուած է նաեւ իբրեւ Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու։








All the contents on this site are copyrighted ©.