2011-04-02 11:44:35

Ասսիզի։ Մամլոյ Ասուլիս ներկայացնելու համար Խաղաղութեան աղօթքի Համաշխարհային 25րդ հանդիպումը


Այսօր 2 ապրիլ 2011ին, Իտալիոյ Ասսիզի քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Մամլոյ Ասուլիս մը ներկայացնելու համար Խաղաղութեան աղօթքի Համաշխարհային 25րդ հանդիպումը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսոյն Ասսիզիի մէջ, զանազան կրօնապետերու մասնակցութեամբ։ Նշենք թէ Խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի այս հանդիպումին առաջին հանգրուանը տեղի ունեցած էր 1986ին ընդառաջելով Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետի փափաքին։ Իսկ այս տարուայ հաւաքը որ 25րդ հաւաքն է, տեղի կ՛ ունենայ Պենետիկստոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի խնդրանքով` յիշատակելու՝ հանդիպումին 25րդ յոբելեանը եւ դարձեալ միասնաբար աղօթելու, բոլոր կրօնները միասին, աշխարհի խաղաղութեան համար։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Ասսիզիի առաջնորդը Տոմէնիքօ եպիսկոպոս Սորրէնթինոն, ու այլ քաղաքական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.