2011-04-01 11:24:04

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը Ասորի Մալանքար Կղերին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիպելով Ասորի Մալանքար լպիսկոպոսներուն Անոնց ուղղած ճառին մէջ ըսաւ Հնդկաստանի քրիստոնեաները կարող են սատարել աւելի ազդուօրէն ընկերութեան բարրօրութեան ու բարիքին, եթէ ապրին վճառակամօրէն Աւետարանը։ Ապա Սրբազան հայրը իր զօրակցութիւնը յայտնեց փոքրաթիւ ժողովրդապետութիւններուն, որոնք կարող են հաստատել եղբայրական մթնոլորտ մը իրենց շրջապատէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ քրիստոնէութիւնը Հնդկաստանի մէջ իր յատուկ նպաստը բերած է երկրի մշակոյթին ու ընկերութեան, ինչպէս հոգեւոր ու կրօնական արտայայտութեան։ Աղօթքս է որ Հնդկաստանի քրիստոնեաները շարունակեն բարգաւաճիլ քարոզելով Աստուծոյ խօսքը ու ապրիլ սիրոյ Աւետարանը։
Նշենք թէ Հնդկաստանը ունի 159 թեմեր, որոնք կը պատկանին երեք համայնքներու` լատին, ասորի մալապար եւ ասորի մալանքար։ Ասորի մալանքար համայնքը ամենէն հինն է քանի ծնունդ առած է քրիստոնէութեան արշալոյսին։ Անոնցմէ մէկ մասը սփիուռքի մէջ կ'ապրին` ԱՄՆի, Գանատայի ու Եւրոպայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.