2011-04-01 11:24:14

Ժառանգութիւն Կուսակցութեան Առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան Դադրեցուց Հացադուլը։


Ազատութեան հրապարակին վրայ հացադուլ կատարող Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան Խորհրդանշական հացի օրհնութեամբ, Մարտ 30ին դադրեցուց հացադուլը: Ազատութեան հրապարակին վրայ իր հացադուլի 15րդ օրը, ժողովուրդին ուղղած իր խօսքին մէջ ան յայտարարեց հացադուլը դադրեցնելու մասին: Ան Գրիգոր քհնյ. Յովհաննիսեանին խնդրեց խորհրդանշական հացի օրհնութեամբ՝ «Ազատութեան տօնի առաջին արարը աւարտուած համարել»:«Բայց ասիկա դեռ չի նշանակեր, որ մեր պայքարը կ՛աւարտի», յայտարարեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան: Քահնայի աղօթքէն ետք, Ր. Յովհաննէսեան օրհնուած հացէն կտոր մը կտրեց ու կերաւ:
Ազատութեան հրապարակին վրայ ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձը Րաֆֆի Յովհաննէսեան սկսաւ Մահաթմա Կանտիի հետեւեալ խօսքերով. «Նախ կ՛անտեսեն քեզ, ապա կ՛արհամարհեն, այնուհետեւ կը յարձակին վրադ, իսկ ապա՝ կը յաղթես»:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը քանի մը անգամ շեշտեց, որ հացադուլին դադրեցումով պայքարը չ՛աւարտիր, աւելին, անիկա պէտք է շարունակուի «նոր շունչով, նոր լիցքով, նոր բանաձեւով եւ նոր Հայաստանի նոր հաւատամքով», ըսաւ ան:
Հացադուլը դադրեցնելու մէկ այլ պատճառ եղած է Յովհաննէսեանի դստեր՝ Շուշիի, մօտալուտ 18րդ տարեդարձը, զոր ընտանեկան յարկի տակ նշելու պարտաւորութիւնը զգացած է Րաֆֆի Յովհաննէսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.