2011-03-31 14:13:08

Սինկափուրի Հայերը Նշեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայկական Եկեղեցւոյ 175ամեակը։


Սինկափուրի հայկական համայնքը Կիրակի, Մարտ 27-ին տօնեց տեղւոյն եկեղեցւոյ 175ամեակը: Այս առիթով կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար, 14 երկիրներէ աւելի քան 160 հայեր Սինկափուր ժամանած էին:
Սինկափուրի Հիլ Սթրիթ պողոտային վրայ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ամենահին քրիստոնէական եկեղեցին է, որ պաշտօնապէս ազգային յուշարձան դարձած է 1973ին:
Շաբաթ օր, եկեղեցւոյ հոգաբարձուները կալա-ընթրիք մը կազմակերպած էին «Ռաֆլզ» հիւրանոցին մէջ: Սինկափուրի արտաքին գործոց նախարար Ճորճ Եոն, որ նոյնպէս մասնակցած է պատարագին, «The Straits Times» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ հայկական եկեղեցին եւ համայնքը Սինկափուրի ժառանգութեան կարեւոր մասն են:
Սինկափուրի մէջ կ՛ապրի շուրջ 80 հայ: Փոքրաթիւ համայնքը վերջին հինգ տարիներուն կրկնապատկուած է՝ ընդհանրապէս Հայաստանէն տեղափոխուածներով: Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Սինկափուրի մէջ 10 հայ երեխայ ծնած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.