2011-03-31 14:24:13

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց Հայաստանի Եւ Զուիցերիոյ Դեսպանները։


Երկուշաբթի 28 Մարտ 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար ընդունեց Հայաստանի ու Զուիցերիոյ դեսպանները: Հայաստանի դեսպանը, Տիար Աշոտ Քոչարեան, եկած էր Վեհափառ Հայրապետէն իմանալու Ապրիլ 24-ի առթիւ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահելու Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ կազմուած տնտեսական ընկերակցութեան մասին: Այս առիթով նաեւ քննարկուեցան յառաջիկայ Հոկտեմբերին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ֆրիտճոֆ Նանսընին նուիրուած հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ դեսպանատան կողմէ ծրագրուած կարգ մը ձեռնարկներ: Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ զարգացող գործակցութիւնը նաեւ շեշտեց, ընդհանրապէս Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ աւելի կազմակերպուած գործակցութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները: Իսկ Զուիցերիոյ դեսպան՝ Տիկին Ռութ Ֆլինթին այցելութիւնը Անթիլիաս առաջինն էր: Նոր դեսպան ըլլալով, Տիկին Ռութ Ֆլինթին ուզեց որոշ տեղեկութիւններ ունենալ ընդհանրապէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան մասին: Վեհափառը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ու լուսաբանութիւնները հայթայթելէ յետոյ ընդգծեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր դերը, որպէս եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս: Ան նաեւ յիշեցուց որ Լիբանանի հայութիւնը առանցքային տեղ ունի սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան հարցը: Վեհափառ Հայրապետը յստակօրէն իր կարծիքը յայտնեց նաեւ այս առիթով անդրադառնալով Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ կնքուած փրոթոքոլին, ուր Զուիցերիան որոշ դեր ստանձնած էր: Դեսպանը Ժընեւէն ըլլալով խօսակցութեան ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին ու այդ գծով Վեհափառ Հայրապետին դերակատարութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.