2011-03-30 14:56:47

Սրբազան Քահանայապետի Կոչը Փղոսկրեայ Ափունքի Ի Նպաստ


Չորեքշաբթի օրուայ ունկնդրութեան խորհրդածութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը յատուկ կոչ մը ուղղեց Փղոսկրեայ Ափունքի (Côte d’Ivoire) մէջ պատահած քաղաքական եւ ընկերային ծանր տագնապին ի տես, յայտնելով իր մօտիկութիւնը Փղոսկրեայ Ափունքի բնակիչներուն ու յատկապէս անոնց որոնք ենթակայ են բռնութիւններու եւ չարչարանքներու ։ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց քաղաքական եւ ընկերային գործիչները որ ժամ մը առաջ դիմեն երկխօսութեան, իրենց մտքի մէջ ունենալով հասարակաց բարիքը։ Ապա նորին սրբութիւնը յայտարարեց թէ որոշած է այնտեղ ուղարկել Քահանայապետական Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Խորհուրդի Նախագահ՝ Կարտինալ Փիդէր Գոտվօ Թուրքսոնը, յայտնելու ի մօտիկութիւնը ու սատարելու նպատակով հաշտութեան ճանապարհի կերտումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.