2011-03-30 13:10:31

Սուրիոյ Կառավարութեան Հրաժարականը։


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունեց սուրիական կառավարութեան հրաժարականը, մինչ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ նախագահին զօրակցող ցոյց մը կատարեցին` սպասելով երէկ նախատեսուած իր ճառին, սակայն հետագային յայտարարուեցաւ, որ նախագահ Պաշշար Ասատ իր ճառը պիտի արտասանէ այսօր` խորհրդարանին մէջ:
Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նախագահ Ասատ ընդունած է կառավարութեան հրաժարականը` աւելցնելով, որ վարչապետ Նաժի Օթարի պիտի կազմէ նոր կառավարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.