2011-03-30 14:55:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի մարտ 30ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ս. Ալֆոնս Տէ Լիկուօրէի վրայ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,
Սուրբ Ալֆոնս Տէ Լիկուօրէն որ ծնած է 1696-ին։Ան բարոյական Աստուածաբանութեան յայտնի մասնագէտ մըն էր, եկեղեցւոյ վարդապետ ու հոգեւոր կեանքի դաստիարակ եւ քարոզիչ։ Աստուծոյ խօսքին ծարաւը զգալով կը լքէ իր փաստաբանի գործը ու քահանայ կը ձեռնադրուի։ 1732 -ին կը հիմնէ Սուրբ Փրկչի շրջուն Միսիոնարական Միաբանութիւնը ։Ապա Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի։
Ան իր Քահանաներուն կը յորդորէ ըլլալ ՜՜հաւատարիմ եկեղեցւոյ վարդապետութեան, եւ մեղաւորներու հանդէպ բարի ։ Իր Աստուածաբանական գրութիւնները օժանդակեցին ժողովուրդի Հոգեւոր կեանքի բարգաւաճումին։ Սուրբ Ալֆոնս Տէ Լիկուօրին կը շեշտէր աղօթքի կարեւորութեան վրայ` <<ով որ կ՛աղօթէ կը փրկուի>> կ՛ըսէր ան։
Ան պաշտպան սուրբն է բոլոր հոգեւոր հայրերուն եւ օրինակելի առաքեալ մը որուն բարութիւնը յառաջ կու գայ Աստուծոյ հետ անոր ունեցած յարաբերութենէն։


Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները Տիրոջմէն հայցելով որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Ապա Սրբազան Հայրը յատուկ խօսք մը ուղղեց նորապսակեալներուն, հիւանդներուն եւ երիտասարդներուն։Դուք երիտասարդներ, ըսաւ ան, այս քառասնորդաց շրջանի ընթացքին որ ապաշխարանքի հրաւէր մըն է, սիրով մօտեցէք Քրիստոսին ու անոր եկեղեցւոյ։ Դուք Հիւանդներ վստահ եղէք թէ Քրիստոս ձեր հետն է ու ձեզի մօտիկ եւ դուք նորապսակեալներ հայցեցէք տիրոջ բարեխօսութիւնը որպէսզի ձեր ընտանեկան կեանքի ճանապարհը ըլլայ հաւատարիմ եւ անձնուէր սիրով աճող ճանապարհ մը։
Հուսկ նորին սրբութիւնը ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.