2011-03-30 14:57:23

''Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթը'' Հանդիպում ը՝ Խորհրդանիշ Քաղաքի Մը Հետ։


Փարիզի հանդիպումը, ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթ'' ծրագրի ներկայացումին համար եղաւ լաւագոյն ընտրութիւնը քաղաքի մը որ ճանչցուած է որպէս ''քաղաքը լոյսի եւ աշխարհականացումի''։ Ուստի ազատութեան եւ անկախութեան քաղաք մը Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ, այսպէս յայտարարած է կարտինալ Ռավազին Վատիկանի ձայնասփիւռին հետ ունեցած ելոյթով։ Կարտինալը մատնանշեց թէ այս հանդիպումէն ի յայտ եկաւ հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալ մտաւորականներու յատուկ ուշադրութիւնը, զգայնութիւնը ու շահագրգռութիւնը։
Ապագային, յարեց կարտինալը, պէտք է դիմագրաւենք, ոչ միայն աստուածամերժութիւնը եւ ոչ հաւատացեալներու յարուցած հարցերը, այլեւ՝ հաւատքի հանդէպ ցուցաբերուած հարեւանցի եւ բացակայութեան խնդիրները։
Օսսերվատորէ Ռոմանօ Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթրի տնօրէնը` Ճան Մարիա Վեան, գրելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին լսատեսողական միջամտութեան ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթի'' Փարիզի հանդիպումին մասին, կը նշէ թէ Սրբազան Քահանայապետը առանց վախի իւրացուց յեղափոխութեան ''ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրակցութիւն'' բառերը, որոնք կ'ամփոփէին ֆրանսական յեղափոխութեան տեսլականը։ Օրաթերթին տնօրէնը մատնանշեց թէ Սրբազան Հօր խօսքերը եղան ազդեցիկ թէ՜ հաւատացեալին եւ թէ՜ ոչ հաւատացեալին։ Ժան Մարիա Վեան կը գրէ . Հռոմի Պապը կրկին ընդգծեց թէ Քրիստոսի Եկեղեցին բնաւ չէ յոգնած եւ պիտի չյոգնի կրկնելէ. ''Մի վախնաք ձեր սրտերը ու ընկերութիւնները բանալու Աստուծոյ ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.