2011-03-30 13:12:38

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
Նահապետ Քուչակ (?-1592).
Հայ ժողովրդական սիրերգութեան լուսապսակ ճակատը ։


Հայ գրականութեան ազգային ակունքներէն, յատկապէս հայոց ժողովրդական բանահիւսութենէն առած իր կենարար բխումով, անփոխարինելի տեղ կը գրաւէ եւ յաւերժութիւն նուաճած մեծ արժէք է ժառանգութիւնը Նահապետ Քուչակի, որուն մահուան տարելիցն էր Մարտ 29ին։
Հայ աշուղական հանճարի լուսապսակ ճակատը կը հանդիսանայ Նահապետ Քուչակը՝ Չարենցի՝՝Ես իմ անուշ Հայաստանի՝՝ բանաստեղծութեան դիպուկ բնութագրումով։

Թէեւ շատ քիչ բան ծանօթ է հայ հանճարեղ աշուղ-երգիչի կենսագրութեան, մինչեւ անգամ անձին մասին, բայց մատենագիտական աղբիւրներու մէջ 1592-ի Մարտ 29-ը կը յիշատակուի իբրեւ մահուան թուականը Նահապետ Քուչակի, որ արժանաւորապէս կը հանդիսանայ Հայկեան Հանճարի միեւնոյն մետալին երեսներէն մէկը՝ անմահն Նարեկացիի հետ միասին։
Հայ գրականագիտութեան երախտաւորներէն Արշակ Չօպանեան եւ յատկապէս քսաներորդ դարու հայ մեծագոյն գրականագէտը հռչակուած Մանուկ Աբեղեան, իրենց կարգին, Նարեկացիի կողքին անպայման կը տեսնեն Քուչակը՝ իբրեւ հայ ժողովրդական բանաստեղծութիւնը արուեստի անհասանելի բարձունքին հասցուցած հանճարեղ քերթող։

Իրաւամբ այնքա՜ն նման եւ այնքա՜ն տարբեր ու ներհակ են Նարեկացի եւ Քուչակ։ Հայ հոգիի աղօթքին անփոխարինելի բանաստեղծը մեր ժողովուրդին ՝՝երկնաւոր սիրոյ՝՝ երգիչն էր։ Իսկ հայուն ՝՝երկրաւոր սէրը՝՝ անմահացնելու արուեստին մէջ անզուգական է մեծութիւնը Քուչակի։ Բայց երկուքն ալ հայ ժողովրդական բանահիւսութեան վրայ խարսխուած բանաստեղծական գեղեցկագոյն տաճարներ են, որոնք հայ հոգիին ազատ սաւառնումին թեւ եւ շունչ հաղորդեցին։

Հայ մատենագէտները ընդհանրապէս համամիտ են, որ Նահապետ Քուչակ ծնած էր 16րդ դարու սկիզբը (ծննդեան թուականը անյայտ է), Վան նահանգի Խառակոնիս գիւղը։ Թէեւ իբրեւ աշուղ ու տաղասաց սիրուած բանաստեղծ՝ Քուչակ տեւաբար շրջած է Հայաստան Աշխարհով մէկ, բայց իր կեանքի վերջալոյսին վերադարձած ու վախճանած է իր ծննդավայր գիւղին՝ Խառակոնիսի մէջ, որուն Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուած է իր գերեզմանը։

Կենսգարական այլ տուեալներ դժբախտաբար ենթադրութեանց մարզին կը պատկանին եւ գրականաէտներու բանավէճին առարկայ են։ Բայց բանավիճողներն անգամ համակարծիք են, որ մեր ժողովուրդին կողմէ օրին մեծապէս սիրուած եւ փնտռուած աշուղ մը եղած է առաջին Քուչակը՝ Նահապետը։
Միայն երկրաւոր սիրոյ երգիչը չեղաւ, սակայն, Նահապետ Քուչակ։

՝՝Հայրէններ՝՝ու կողքին՝ իր մշակումին արժանացան եւ բարձրարուեստ բանաստեղծութիւններու արարումով անմահացան հայ ժողովուրդի ՝՝Պանդուխտի Երգերը՝՝։ Մինչեւ մեր օրերը իր այժմէական հնչեղութիւնը կը պահպանէ եւ հայոց շրթներուն անբաժան երգի վերածուած է Նահապետ Քուչակի վերագրուած ՝՝Ղարիպը՝ Կռունկին՝՝ բանաստեղծութիւնը։

Համացանցի վրայ Վահան Գէորգեան, անդրադառնալով Նահապետ Քուչակի կը գրէ ՝՝Փաստօրէն Նահապետ Քուչակը, եթէ հաւատանք առասպելին՝ Ակնեցի նշանաւոր բանաստեղծը թուրքերի տիրապետութեան ժամանակ, միջնադարի ծանր տարիներին, գաղթեց Վանի շրջանը, ուր էլ բոլորեց իր հարիւր տարին։ Նա նշանաւոր էր անգամ թուրքերի շրջանում։ Ինչպէս գիտենք աշուղական՝ թառ ու սազի երկրպագուները հիմնականում թուրքերն էին, եւ մեծ բանաստեղծ ու հայ մարդը Հայրէնները պիտի ինչ որ կերպ օրինականացնէր ու բնականաբար ինքն էլ դարձաւ առաջին մեծ նշանաւոր աշուղը՝ ողջ արեւելքում, որի ուղղակի իմաստով յաջորդ նշանաւորը պիտի լինէր ՍայաթՆովան։








All the contents on this site are copyrighted ©.