2011-03-29 12:59:36

Ռատիովատիկանի Տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի այս շաբթուայ խմբագրականը նուիրուած է <<ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ>> ծրագիրին։
Ան խմբագրականը կը սկսի մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի <<ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ>> ի առթիւ պատգամէն քաղուած հետեւեալ խօսքերը . <<Դուք միասին ըլլալու էք որպէսզի իրարու հանդիպելով միասին խորհրդածէք աշխարհի մարդկութեան կենսական հարցադրումներու մասին։ Դուք ոչ հաւատացեալներդ իրաւունք ունիք հաւատացեալներէն պահանջելու ապրելակերպ մը իրենց հաւատաքի վկայութեամբ...եւ դուք հաւատացեալներ յայտարարեցէք թէ Աստուծոյ հարցը ընկերութեան համար վտանգ մը չէ եւ վտանգի չենթարկէր մարդոց կեանքը.... Աստուծոյ մասին հարցումը պէտք չէ բացակայի առօրեայի հարցանդրանքներէն։... Շատ բաներ ունին ըսելիք մէկը միւսին... վստահ եմ որ հաւատքի եւ բանականութեան իրողութիւններու հանդիպումը պիտի օգնեն մարդը ինքզինքը վերագտնելու։>>
Այս խօսքերը առնուած են - ինչպէս յիշեցինք- Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հեռուստատեսիլով ուղղած պատգամէն` Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին բակը հաւաքուած՝ հաւատացեալներուն եւ ոչ հաւատացեալներուն ու մանաւանդ երիտասարդ սերունդին։Հայր Լոմպարտի կը նշէ Նորին Սրբութեան կոչը, որ է ուղղուիլ դէպի անսհամանի փնտրտուքը առանց վարանելու եւ իրար հանդէպ կասկածներ ունենալու։ Անիկա քաջալերական եւ պատնէշները կործանող դրական պատգամ մըն է - կը գրէ Հայր Լոմպարտին- ու կը մէջբերէ ուրիշ նախադասութիւն մը ուր սրբազան քահանայապետը կը հաստատէ թէ << Հաւատքի լոյսով ճանչցուած Աստուածը կը մնայ խորհրդաւոր Աստուած եւ զինք պաշտողները երբեք հեռու չեն նկատուիր անոնցմէ որոնք կը փնտռեն տակաւին իրենց անյայտ Աստուածը։>> Ասոր համար Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէ չվախնալ միասին քալելու դէպի նոր աշխարհ մը։ Դժուար ճանապարհ մը՝ բայց խանդավառութեամբ լի որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն։
Ասոնք ՜՜յոյս ներշնչող՝՝ բառեր են, կ՛եզրափակէ Հայր Լոմպարտի, մատնանշելով որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գահակալութեան առաջին օրէն իսկ ըսած է թէ Աստուծոյ հարցը առաջնահերթ հարց մըն է որ կը հետաքրքրէ բոլորս առանց խտրականութեան։ Ու ապա Հայր Լոմպարտին հարց կու տայ <<Արդեոք պիտի կարենա՞նք խորացնել այս հարցն ու գաղափարը>> եւ կը պատասխանէ <<Ոչ հաւատացեալներու Գաւիթի>> ծրագիրը լաւ առիթ մըն է կատարելու, ու այս ուղղութեամբ հաստատ մէկնակէտ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.