2011-ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻՆ (Հռչակուած Արարմ Ա.Վեհափառի Կողմէ) Մանուկին Դաստիարակութիւնը։
Մայրի՛կ, ինչո՞ւ կոյր է մէկ աչքս՝՝ հարց կուտայ աղջնակը մայրիկին։ :
Մայրը, որ երկար տարիներ գաղտնի պահած էր իր աղջիկէն այն պատահարը որ շատ կանուխ տարիներուն
տեղի ունեցած էր տան մէջ, կը ստիպուի ճշմարտութիւնը ըսել անոր. _Աղջիկս, հազիւ մի
քանի տարեկան էիր, երբ մօտս նստած կը հետեւէիր դերձակուհիի իմ աշխատանքիս: Կու լայիր
երբ արգիլէի քեզի դպչիլ կարի տուփին: Սակայն օր մը այնքան լացիր մկրատը ձեռքէս առնելու
համար, որ չդիմանալով տուի քեզի, իսկ դուն զայն ձեռքէս քաշելով, սխալմամբ ուղղակի աչքիդ
տարիր: _ Բայց մայրի՛կ եթէ այդ վայրկեանին չտայիր մկրատը, մէկ օր կու լայի, մէկ շաբաթ
կու լայի, մէկ ամիս կու լայի, ու ապա կը դադրէի լալէ: Իսկ հիմա ամբողջ կեանքիս ընթացքին
կու լամ, միականի ըլլալուս համար: Այսպէս են նաեւ բազմաթիւ մայրեր, որոնք հետագային
կը զղջան իրենց զաւակները ճիշդ ատենին դաստիարակած չըլլալնուն համար, սակայն անօգուտ:
Իսկ աւելի ողբալի վիճակի մէջ կը գտնուին այն մայրերը, որոնք չեն ալ անդրադառնար որ թերի
դաստիարակութիւն տուած են իրենց զաւակին: Ասիկա անշուշտ ժառանգական պակասաւորութիւնն
է, որ առհասարակ տգէտ խաւին մօտ կարելի է նշմարել: Ասոնցմէ ոմանք անշուշտ մեծամտութեամբ
ալ տարուած կ՛ըլլան հակառակ իրենց մտային խեղճութեան, պարզապէս նիւթական ապահովութիւն
ձեռք ձգած ըլլալով, եւ կը խորհին թէ՝ լաւագոյն կրթութիւնն է որ ջամբած են, կամ կը ջամբեն
իրենց զաւակներուն: Ասոնք անյոյս պարագաներ են, որոնց դաստիարակութեամբ պէտք չէ պարապիլ,
Աստուածապարգեւ մեր ժամանակը վատնած չըլլալու համար: Իրական կեանքէ քաղուած այս դրուագին
մէջ ի՞նչ օգուտ ունեցաւ մօր զղջումը, երբ ատենին չէր կրցած մանկավարժական ամէնէն պարզ
մեթոտով կրթել իր երեխան: Այդ մայրը չէր մտածած, որ իր աղջիկն ալ օր մը մայր դառնալով,
զաւակներ պիտի կրթէ, եւ ինչ որ իրմէ սորված էր, նոյն դաստիարակութիւնը պիտի տար իրմէ
ծնած զաւակներուն: Այդ պատճառաւ հիները հարսնացու փնտռող երիտասարդները խրատելով կ՛ըսէին.
«Մօր նայէ՝ եւ ապա աղջիկը առ»: Անոնք լաւապէս սերտած էին, որ դաստիարակութիւն ջամբելն
ալ ժառանգական իւրայատկութիւն է, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Այնպէս ինչպէս դաստիարակուած
է մայրը, նոյն կրթութիւնն է որ պիտի փոխանցուի մէկէն միւսը: