2011-03-28 13:55:38

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Միջինքի Աւանդական Հաւաքոյթը- Պէյրութ, Լիբանան ։


Պէյրութի հայաշատ թաղամաս Պուրճ Համուտի ՜՜Ս. Փրկիչ՝՝ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական Միջինքը. ներկայութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանին, փոխժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, բարերար Ռոզ Պօղոսին, վարժարաններու եւ եկեղեցիներու տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հիւրերուն եւ մեծ թիւով ձեռնարկը քաջալերողներուն:
Յայտագիրին բացումը կատարեց Մարալ Հարպոյեան, որ Միջինքի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին ներկայացուց տեղեկութիւններ, ինչպէս` Միջինքի յատուկ կարկանդակի լիճքը, բաղարջ պատրաստելու ձեւը եւ այլն:
Խօսք առնելով Սարգիս վրդ. Դաւիթեան ըսաւ, որ իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ պէտք է նկատի ունենալ Մեծ պահքի շրջանը որպէս հոգեւոր շրջան եւ այս շրջանին, ըսաւ ան, պէտք է զոհաբերենք, ուրիշներուն օգտակար դառնանք եւ բոլորին ուրախութիւն բաժնենք»։
Ապա հոգեւոր երգերով ելոյթ ունեցաւ Անայիս Կետիկեան, իսկ յայտագիրին երկրորդ բաժինով Սիմոն Կոստանդինեան ներկայացուց հայկական եւ արաբական եղանակներ: Տեղի ունեցան խաղեր եւ վիճակահանութիւն ու եւ քաջալերուած մթնոլորտէն նաեւ նուիրատուութիւններ, ի դէպ, նշենք որ՝ եկեղեցասէր Տիկնանց յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած այս հաւաք-խրախճանքին հասոյթը կը տրամադրուի կարիքաւոր սաներուն, մանուկներուն եւ ուսանողներուն, որոնք հայութեան ապագան են։








All the contents on this site are copyrighted ©.