2011-03-28 16:35:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Կոչը Լիպիայի Համար


Կիրակի 27 մարտին Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Կոչ ուղղեց, ի տես Լիպիայի տագնապալից վիճակին, յայտնելով իր խոր մտահոգութիւնը հանդէպ բնակչութեան ու անոնց անվնասութեան ի խնդիր։
Այս տագնապալից պահուն - ըսաւ նորին սրբութիւնը - անհրաժեշտութիւնը կայ դիւանագիտական գետնի վրայ ամէն ջանք թափելոու եւ ամէն միջոց օգտագործելու խաղաղ եւ համերաշխ լուծումի մը հասնելու համար ։
Այս պահուս մինչ աղօթքս կը բարցրաձնեմ առ Աստուած, կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներուն որ վերջ տան զինային միջամտութիւններուն եւ հարթեն երկխօսութեան ճանապարհը։
Նայուածքս կ՛ուղղեմ նաեւ միջին արեւելքի համայն բնակչութեան եւ կառավարական պատասխանատուներուն, ուր վերջին օրերուս բռնարարքներ տեղի ունեցան` այնտեղ եւս թող նախընտրուի երկխօսութեան եւ համերաշխութեան ուղղին արդար եւ եղբայրական համակեցութեան համար։
Այս Կոչը ուղղելէ առաջ, սրբազան քահանայապետը խորհրդացութիւն մը կատարած էր օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն մասին, ուր կը խօսուի Սամարացի կնոջ մասին։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները Սամարացի կնոջ նման մտիկ ընելու Աստուծոյ ձայնին մանաւանդ քառասնորդաց այս շրջանին։ Ապա Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահաայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը հաւաքուած հաւատացեալները։
Նշենք թէ Սրբազան Հայրը կիրակի օրը, առաւօտեան ժամը 9ին այցելեց Հռոմի ՜՜ֆոսսէ Արտիաթինէ՝՝ նահատակներու համար բարձրացած սրբազան համալիրը, ուր 335 հոգի նացիներու կողմէ գնդակահարուեցան, որպէս փոխվրէժ նախօրօք Ռազելլա փողոցի մէջ գործադրուած մահափորձի մը, ֆիտայիններու կողմէ եւ որուն հետեւանքով 33 գերմանացիներ սպաննուեցան։ Ջարդը պատահած էր 24 մարտ 1944ին։ Նորին Սրբութիւնը այցելութեան աւարտին Ոսկեմատեանին մէջ արձանագրեց սաղմոսերգուի հետեւեալ նախադասութիւնը, լատիներէն լեզուով ։ ՙՎախ չ՛ունիմ որովհետեւ դուն իմ հետս ես՚։







All the contents on this site are copyrighted ©.