2011-03-28 16:50:29

Պայթում Մը Թիրախ Կը Դարձնէ Զահլէի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին (Լիբանան)։


27 Մարտին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն պայթում մը թիրախ դարձուց Զահլէի մէջ գտնուող Ասորի Ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին:
Կանուխ առաւօտեան եկեղեցւոյ մուտքին պատահած պայթումը պատճառած է նիւթական մեծ վնասներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ կրած են եկեղեցւոյ կից գտնուող 7 ինքնաշարժները:
Պայթումէն անմիջապէս ետք դէպքին վայրը ժամանեցին լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք հետաքննութիւն բացին այդ պայթումին առնչութեամբ:
Նշենք, որ Ասորի Ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսը երէկ առաւօտեան պայթումի թիրախ դարձած եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին ու իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ ոչինչ պատճառ պիտի դառնայ այդ եկեղեցւոյ դռներուն փակումին:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին հետ. ան խստիւ դատապարտեց Զահլէի եկեղեցւոյ պայթումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց ասորի ուղղափառ համայնքին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս նոյնպէս Դատապարտեց Ոճրային Արարքը։
Զահլէի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ դէմ ականահարման ոճրային արարքին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Զաքքա Իուաս Պատրիարքին հետ` խստիւ դատապարտելով ասորի եկեղեցւոյ դէմ ոճրային արարքը եւ նշելով, որ քրիստոնեայ- իսլամ գոյակցութիւնը դարերու վրայ տարածուած իրողութիւն է եւ նման ոճրային արարքներ չեն կրնար խանգարել այդ գոյակցութիւնը, որ Միջին Արեւելքի ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն է: Վեհափառը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ասորի ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.