2011-03-28 13:55:26

Մարոնիներու Նոր Պատրիարք Պշարա Ալ Րայիի Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը- Պքերքէ (Լիբանան)։


Ուրբաթ, 25 մարտ 2011, երեկոյեան ժամը 5-ին մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքական աթոռին մօտ, Պքերքէ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ մարոնիթ նորընտիր պատրիարք Պշարա Ալ Րայիի գահակալութիւնն ու իշխանութեան տուուչութիւնը։
Սուրբ պատարագին նախագահեց վաստակաւոր Սֆէր պատրիարքը մասնակցութեամբ եպիսկոպոսական դասին: Պատարագէն ետք, եւ ըստ մարոնիթ եկեղեցւոյ աւանդութեան կատարուեցաւ գահակալութեան բուն արարողութիւնը եւ հովուական գաւազանի փոխանցումը: Այս հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հոգեւոր եւ քաղաքական պետեր, Լիբանանի եւ Սուրիոյ առաքելական նուիրակները եւ մարոնիթ եկեղեցւոյ զանազան ներկայացուցիչներ։
Հայ կաթողիկէ ներկայացուցչութիւնը եղաւ մասնակցութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, Հալէպի առաջնորդ արհիապատիւ տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանին, արհիապատիւ Յովհաննէս Թէյրուզեանի եւ Պօղոս Գուսան եպիսկոպոսներուն, որոնք նաեւ մասնակցեցան նոր պատրիարքին ի պատիւ պաշտօնական ընթրիքին, որ յաջորդեց հանդիսութեան։ Գահակալութեան արարողութեան ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս։
Նորընտիր պատրիարք Ալ Րայի իր գահակալութեան պատգամին մէջ նախ անդրադարձաւ Աւետման միացեալ քրիստոնեայ-իսլամ տօնին նշանակութեան, շեշտելով որ այս նախաձեռնութիւնը կը հաստատէ թէ՝ Լիբանան սիրոյ եւ ընկերութեան հայրենիք է։ Ան նոյնպէս նշեց «Սէր եւ հաղորդութիւն» բնաբանի կարեւորութիւնը իր քահանայական եւ եպիսկոպոսական կեանքին ընթացքին, հաստատելով նաեւ որ անիկա պիտի մնայ ՜՜իր նոր առաքելութեան բնաբանը՝՝ ։ Խօսելով իր առաքելութեան ծրագրին մասին յայտնեց թէ՝ ինք պիտի շարունակէ իր նախորդներուն ծրագիրը, որոնք հաստատեցին եւ ամրապնդեցին Եկեղեցին լիբանանեան հողին վրայ։
Այնուհետեւ Ալ Րայի պատրիարքը խօսեցաւ երիտասարդներու, ընտանիքի եւ նորանոր կոչումներու հրամայականներուն մասին։ Ան նշեց ընկերային հաղորդամիջոցներու աշխոյժ ներկայութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ։ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանը բաղկացնող քաղաքական թէ հոգեւոր բոլոր կողմերուն գործակցելու իրարու հետ` սիրոյ եւ համագործակցութեան ընդհանուր խորագիրին ներքեւ: Ան ընդգծեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ գործադրելու համար արեւելեան եկեղեցիներու ընդհանուր ժողովներուն որոշումները:
Իր խօսքը աւարտեց յայտնելով, որ իր հոգեւոր եւ հովուապետական առաքելութիւնը կը սկսի բոլորին աջակցութեամբ եւ Աստուածամօր օրհնութեամբ։
Պատրիարք Ալ Րայիին խօսքէն ետք, առաքելական նուիրակ Կապրիէլ Քաչա փոխանցեց Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին ամբողջական հաղորդութեան նամակը եւ տուաւ նորընտիր պատրիարքին: Այսպէս նոր պատրաիրքը դարձեալ շարունակեց այն ինչ որ արդէն սովորութիւն դարձած էր մարոնիթ եկեղեցւոյ համար, այսինքն ամբողջական հաղորդութեան մէջ ըլլալ սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ:
Հանդիսութեան աւարտին, Լիբանանի կաթողիկէ մամուլի կեդրոնի տնօրէն տէր Ապտօ քահանայ Պու Քասմ ներկայացուց Ալ Րայի պատրիարքին կենսագրականը եւ հովուական առաքելութիւնները եւ պաշտօնները իր քահանայական եւ եպիսկոպոսական շրջաններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.