2011-03-28 13:56:08

Հայ գրականութեան Շաբաթներու ծիրին մէջ՝ գրականագէտ Պօղոս Սնապեան
մակագրեց լոյս ընծայած հատորները


Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանին, Հայ գրականութեան շաբաթներ նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, Համազգայինի գրախանութին մէջ լիբանանահայ ծանօթ հրապարակագիր, գրականագէտ, մտաւորական Պօղոս Սնապեան մակագրեց լոյս ընծայած իր երկու նոր հատորները՝ Պարոնը եւ Ձգողականը։ Եզակի այս նախաձեռնութիւնը կը միտի ամրացնել ընթերցող-գրող կապը, ինչպէս նաեւ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցնել։
Այս առիթով Ազդակի հետ զրոյցին ընթացքին Պօղոս Սնապեան գնահատեց նախաձեռնութիւնը, որ գիրքերուն նկատմամբ սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ։
Պօղոս Սնապեան վստահեցուց, որ նոյնիսկ եթէ կրթական ծրագիրները ծանր են, երբ կը փոխանցուի այդ ուժը եւ նախաձեռնութեան ոգին, այդ աշակերտները վստահաբար իրենց դասերուն կողքին պիտի փնտռեն նաեւ գիրքը եւ ընթերցանութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.