Արցախի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան գրասենեակին համաձայն, Ղարաբաղ – Ազրպէյճան
շփման գիծին վրայ 20-էն 26 մարտ երկարող շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանական բանակը շուրջ
250 անգամ խախտած է հրադադարը եւ թէ սոյն խախտումներուն ընթացքին արձանագրուած է աւելի
քան 1800 կրակոց: Ազրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի
հրաձգային եւ արձակազէնային հրացաններէ կրակ բացած են սահմանային դիրքերու վրայ տեղակայուած
հայկական գրեթէ բոլոր դիրքերուն ուղղութեամբ: Հակառակ թշնամիին ցուցաբերած աշխուժութեան,
Արցախի բանակին յառաջապահ ստորաբաժանումները լաւապէս պաշտպանած են շփման գիծը: