2011-03-27 11:08:30

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ
Քրիստափոր ԿարաՄուրզա (1853-1902) ։ Հայոց Երգչախմբային Արուեստի Մեծավաստակ Վարպետը ։


Հայոց երաժշտական արուեստն ու բարձրարժէք ժառանգութիւնը համաշխարհային ճանաչման եւ գնահատման արժանացնելու նուիրական գործին մէջ կ՝առանձնանայ անունը Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի, որ կը ծնէր 2 Մարտ 1853ին (հին տոմարով սակայն 18 փետրուարին)։
Մանուկ տարիքէն հանճարեղ երաժիշտի իր բնատուր շնորհքը դրսեւորած հայ երաժիշտը թէեւ կարճատեւ կեանք ունեցաւ, յիսուն տարիքը չբոլորած հեռացաւ այս աշխարհէն, բայց հայոց երաժշտական արուեստին հանդէպ իր ունեցած անհուն պաշտամունքով եւ ստեղծագործական անխոնջ աշխատանքով կրցաւ թէ՛ հայ հոգեւոր ու ժողովրդային երաժըշտութիւնը փրկել կորուստէ՝ նոթային մշակումի եւ գործիքաւորումի արժանացնելով անկորնչելի գանձեր, թէ՛ ռահվիրան դառնալ բազմաձայն խմբերգներու արարումին եւ երգչախմբային կատարողութեան։
Քրիստափոր Կարա-Մուրզա (աւազանի անունով՝ Խաչատուր Յովհաննէսի) ծնած էր 1853-ին Ղարասու-Բազար քաղաքը, որ այժմ կը կոչուի Պելոկորսք եւ կը գտնուի Խրիմի մէջ (Ուքրանիա)։ 8 տարեկանին արդէն սկսած էր դաշնամուր եւ սրինգ նուագել, նաեւ՝ իր ծննդավայրի յայտնի երաժիշտներուն մօտ մասնաւոր դասերու հետեւելով, խորապէս զարգացուցած էր երաժշտական իր գիտութիւնը՝ երաժշտական գործեր կարդալու եւ գրելու իր ընդունակութիւնները կատարելագործելով։ Հազիւ երիտասարդ, իր ծննդավայրին մէջ արդէն սկսած էր կազմակերպել եւ բեմի վրայ հրամցնել համերգներ ու թատերական խումբեր։
1882ին Կարա-Մուրզա տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ապա՝ կարճ ժամանակով Պաքու, իսկ 1885էն սկսեալ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր ստանձնեց Գրիգոր Արծրունիի հռչակաւոր ՝՝Մշակ՝՝ թերթի երաժշտական քննադատութեան բաժնի խմբագրութիւնը՝ միաժամանակ ազային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով։ Ահա այդ շրջանին էր, որ տուաւ հայ իրականութեան առաջին բազմաձայն երգչախմբային համերգը՝ հայկական հայրենասիրական երգերու, Գրիգոր Արծրունիի հիմնած Թատրոնին մէջ։
Կարա-Մուրզայի գործունէութեան կարեւորագոյն բնագաւառներէն եղաւ (նման Կոմիտաս Վարդապետի) հայոց հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու հաւաքման, երաժշտական մշակման եւ քառաձայն երգեցողութեան արժանացման աշխատանքը։ Բարձրարժէք այդ աշխատանքին արդիւնքը Կարա-Մուրզա հրամցուց մեր ժողովուրդին, աստիճանաբար մեծաթիւ դարձած բազմաձայն երգչախումբերու համերգներով, մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով հայաբնակ կեդրոններու մէջ։ 1887ին, Պաքուի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով երգչախմբային համերգով ներկայացուց իր մշակած բազմաձայն պատարագը։ Նոյն քաղաքին մէջ ներկայացուց նաեւ Կունոյի ՝՝Ֆաուստ՝՝ օփերայէն հայերէնի թարգմանուած հատուածներ։
1892էն 1893, երկու տարի Կարա-Մուրզա նաեւ ուսուցիչ եղաւ երաժշտութեան Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։ 1895էն սկսեալ, Թիֆլիսի մէջ, Կարա-Մուրզա յատուկ դասընթացքներ ջամբեց խմբավարներու համար։
Քրիստափոր Կարա-Մուրզան յօրինեց նաեւ երգեր՝ հայ բանաստեղծներու խօսքերով, մշակեց օփերաներու նուագներ, ինչպէս եւ հեղինակը դարձաւ՝ առանց նուագարանի ընկերակցութեան՝ բազում խըմբերգներու։ Իրեն կը պատկանի մշակումը 300 խմբերգներու եւ ժողովրդական երգերու, որոնք մինչեւ այսօր մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն։










All the contents on this site are copyrighted ©.