2011-03-26 13:59:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Այս առաւօտ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Իվան Տիազ՝ նախագահը Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովին, ապա ժամը 11.30ին ընդունեց Ասորի Մալանքար եպիսկոպոսաց դասէն 4 եպիսկոպոսներ եկած կատարելու իրենց հնգամեայ այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ժամը 12ին Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Թերնի-Նարնի-Ամելեայ Թեմին 8000 ուխտաւորներուն։
Իսկ երէկ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհած էր Գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէր՝ Րէկնզպուրկի Եպիսկոպոսին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.