2011-03-25 13:06:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը մասնակցի Մեծ Պահքի Խորհրդածութիւններուն։


Առաւօտեան ժամը 9ին <<Փրկչին Մայր>> Մատրան մէջ տեղի կ՛ունենայ Մեծ Պահքի առաջին քարոզը զոր կը կատարէ Հայր Րանիէրօ Գանդալամեսսան Քահանայապետական Տան քարոզիչը, եւ որուն կը մասնակցի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եւ Հռոմի Կղերը։ Մտածականի նիւթն է <<Ամէն բանէ վեր, սիրով լեցուեցէք. սէրը կատարելութեան զօդն է>> ։
Խորհրդածութիւնը Կը կեդրոնանայ աշխարհականացումի ժխտական մէկ իրողութեան վրայ, այն է՝ սիրոյ աշխարհականացումը։ Մեծ Պահքի քարոզներու շարքը կը շարունակուի յառաջիկայ ապրին 8-ին եւ 15-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.