2011-03-25 11:38:53

Ամենապատիւ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին «ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» Հայրապետական Պատգամէն Բխող Ծրագրի Մը Մասին Հանդիպում Պէյրութի Մէջ։


Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին «ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» Հայրապետական Պատգամէն Բխող Ծրագրի Մը Մասին Հանդիպում Պէյրութի Մէջ։
Չորեքշաբթի, 23 Մարտ 2011-ին, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու հայախօս անդամները հաւաքուեր էին վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ, ունկնդրելու համար Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանի զեկոյցը Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին «Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայ կաթողիկէ վարժարանի առաքելութեան մասին» հայրապետական պատգամին շուրջ։ Պատգամը հրատարակուած էր այս տարուան Մարտ 3-ին։
Վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստի ողջոյնի խօսքէն ետք գերապատիւ Հ. Վարդան Վրդ. Գազանճեան մանրամասն վերլուծումներ կատարեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատգամին շուրջ, կէտ առ կէտ անդրադառնալով պատգամի բոլոր հատուածներուն։ Այս կարեւոր պատգամով «եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութիւնը, որ տէրն է նաեւ կրթական հաստատութիւններու, հայ կաթողիկէ վարժարաններուն առաքելութիւնը կը սահմանէ եւ ծրագրաւորումի մը ընթացք կու տայ»։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ այս պատգամը ուղղուած է ոչ միայն հոգեւոր դասին, այլ որպէս նորութիւն՝ անիկա ուղղուած է նաեւ կրթական հաստատութիւններուն եւ հաւատացեալ ծնողներուն։ Այս պատգամը նկատի առնուած է որպէս տաս տարիներու ծրագիր մը։
Նաեւ ներկայացուեցաւ պատգամի մօտ ապագայի հեռանկարային ծրագիրներէն մին, յիշելով, որ Պատրիարքարանի «Դպրոցական Հայագիտութեան Զարգացման Գրասենեակ»ը արդէն իսկ սկսած է լուրջ աշխատանք տանիլ, գործադրելու համար այս պատգամին պարունակութիւնը։
Իսկ «Դպրոցական Հայագիտութեան Զարգացման Գրասենեակ»ի վարիչ՝ Պր. Վարդան Թաշճեան խօսք առնելով ներկայացուց «Հայ Բառ» ծրագիրը, ըստ որուն մօտ ապագային գործածութեան պիտի դրուի համացանցային առցանց բառարան մը, որուն միջոցով տուեալ կայքէջը օգտագործողները հնարաւորութիւն պիտի ունենան այնտեղ տեղադրելու հայերէն բառերու վերաբերեալ իրենց պատրաստած տեսանիւթերը։ Այս տեսանիւթերը կայքէջը օգտագործողին պիտի ընձեռեն աւելի դիւրութիւններ, սորվելու որեւէ բառի իմաստը, քան սոսկ գրային բացատրութիւնը։ Այնուհետեւ ցուցադրուեցան զոյգ հետաքրքրական տեսանիւթեր, որպէս այս աշխատանքի առաջին փորձեր։ Պր. Թաշճեան խոստացաւ, որ յառաջիկային կը սպասուի այս ծրագիրին շուրջ երկրորդ հանդիպում մը եւս։








All the contents on this site are copyrighted ©.