2011-03-24 12:20:37

Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ


Այսօր 24 մարդ 2011 Փարիզի մէջ սկիզբ կ՛առնէ <<Ոչ հաւատացեալներու Գաւիթ>> անուամբ վատիկանի նոր ծրագիրը որուն նպատակն է երկխօսութիւն հաստատել հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու միջեւ։ Այս առթիւ նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ կազմակերպուած Քահանայապետական Մշակութային Խորհուրդի կողմէ եւ նախագահութեամբ սոյն խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Ճիանֆրանքօ Ռավազիին։
Եզրափակիչ արարողութիւնը նուիրուած է երիտասարդութեան` եւ տեղի պիտի ունենայ Փարիզի Նոդր Տամ Տաճարի հրապարակը , որուն իր մասնկցութիւնը կը բերէ Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետը Հռոմէն լսատեսողական կապի միջոցաւ պատգամ մը ուղղելով երիտասարդութեան։
Վերջին հանդիպումը ունի չորս գլխաւոր նիւթեր <<մարդ արարածը եւ տիեզերքը>>, <<տառապանքը>>, <<յոյսը>>, <<գեղեցկութեան եւ սիրոյ ուղին>>։
Փարիզի այս երկօրեայ հանդիպումը հիմնաքարն է <<Ոչ հաւատացեալներու Գաւիթ>> ի ծրագրին որ 2011ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Դիրանա (Ալպանիայ) եւ Սթոգհոլմա (Շուետ)։ Իսկ 2012 նախատեսուած է հանդիպում մը Բրակայի կաթողիկէ Ակատեմեայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.