2011-03-24 12:19:52

Նահատակ Առաքեալներու Աղօթքի եւ Ծոմապահութեան ԺԹ օր։


Հինգշաբթի 24 մարտին կը նշուի Նահատակ առաքեալներու աղօթքի եւ ծոմապահութեան ԺԹ օրը։ Այս առթիւ Եկեղեցին կը յիշէ բոլոր անոնք որոնք իրենց արեան գնով վկայեցին աւետարանի խօսքը ու յատուկէն 2010 տարուայ ընթացքին իրենց առաքելավայրերու մէջ նահատակուած հոգեւորականները։ 24 մարտը կը զուգադիպի Սան Սալվատորի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Օսքար Արնոլֆօ Րոմէրօյի մահուան տարեդարձը ։ Նշենք թէ ան նահատակուած էր ասկէ 31 տարի առաջ 1980 ի մարտ 24ին մինչ պատարագ կը մատուցանէր։
Գերապայծառ Ռոմէրօն իր երկրին մէջ եղած էր պաշտպանը մարդկային իրաւունքներուն եւ քաջութիւնը ունեցած էր դատապարտելու բռնութիւնները։ Անոր համբաւը ճանչցուած է միջազգային գետնի վրայ։ԱՄՆի նախագահ Օպամա Սան Սալվատորէ կատարած այցելութեան ընթացքին յարգանքի տուրք մատուցած է նահատակ Գերապայխառին։
Նահատակ առաքեալներու աղօթքի եւ ծոմապահութեան ԺԹ օրուայ` 2011-ի նշանաբանն է <<յոյսի մէջ մնալ>>։
Ըստ ֆիտէս լրագրական սպասարկութեան 2010 ի ընթացքին նահատակ վկաներու թիւը եղած է 25` որոնց մէջ մէկ եպիսկոպոս, Գերապայծառ Լուիճի Բատովեզին որ թուրքիոյ մէջ սպաննուեցաւ, 17 քահանաներ, 1 կրօնաւոր, 1 կրօնաւորուհի, 2 նորնծաներ եւ երեք աշխարհական։








All the contents on this site are copyrighted ©.